Որոնել

2023.03.29 Croce rossa internazionale

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին կոչը կարելի դարձնելու Արցախ հրատապ անհրաժեշտ մարդասիրական մատակարարումը

«Դեղորայքի Արցախ վերջին առաքումը եղած է 7 յուլիսին, մինչդեռ սնունդինը` 14 յունիսին: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն որոշում կայացնողներուն կոչ կ՛ուղղէ` փոխզիջումի դիմելու եւ կարելի դարձնելու հրատապ անհրաժեշտ մարդասիրական մատակարարումներու վերսկսումը»
Ունկնդրէ լուրը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը շարունակէ մնալ միակ մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ Լաչինի միջանցքին մէջ` աճող մարդասիրական կարիքները բաւարարելու համար: Այս մասին կը նշուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Դեղորայքի Արցախ վերջին առաքումը եղած է 7 յուլիսին, մինչդեռ սնունդինը` 14 յունիսին: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն որոշում կայացնողներուն կոչ կ՛ուղղէ` փոխզիջումի դիմելու եւ կարելի դարձնելու հրատապ անհրաժեշտ մարդասիրական մատակարարումներու վերսկսումը», նշուած է կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ:

Այբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2023, 08:46