Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT-DEMO

Շրջանի խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան պաշտպանութիւնը. Ուաշինկթըն

«Մենք հետեւողականօրէն կը պնդենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան պաշտպանութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք երկխօսութիւնը, որ կ՛առաջնորդուի այս նպատակով», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Ամերիկայի Ձայն»ը Արցախի եւ այնտեղ տիրող մարդասիրական ճգնաժամին մասին հարցումներ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ շեշտեց, թէ Լաչինի միջանցքը առանցքային նշանակութիւն ունի կեանքեր փրկող ապրանքները մարդոց հասցնելու համար:

Նախարարութենէն դիտել տուին, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խորապէս մտահոգ ըլլալ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը առեւտրական, մարդասիրական եւ անձնական ինքնաշարժներուն դիմաց մնայուն կերպով փակ պահուելուն գծով։

Ընդգծելով, որ մարդասիրական տեղաշարժի դադրեցումը աւելիով կը վատթարացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խափանէ խաղաղ գործընթացին նկատմամբ վստահութիւն ձեւաւորելու ջանքերը` նախարարութիւնը շեշտեց, որ Լաչինի միջանցքով փոխադրութիւնը պէտք է անյապաղ վերականգնի:

«Մենք հետեւողականօրէն կը պնդենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան պաշտպանութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք երկխօսութիւնը, որ կ՛առաջնորդուի այս նպատակով», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ասոր զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին մասին խօսիլ, «մենք կը շարունակենք, կը հաւատանք, որ անիկա հասանելի է»: Ան աւելցուց, որ ասիկա իրականութիւն դարձնելու համար երկու կողմերն ալ դժուար փոխզիջումներ պէտք է կատարեն:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըր իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մէջ ուտելիքի եւ դեղորայքի պակասին գծով: Ան միջանցքով առեւտրական եւ մարդասիրական մատակարարումներու ազատ տարանցման կոչ ուղղեց:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պարէնային անապահովութիւնը եւ բժշկական պարագաներու պակասը շատ մտահոգիչ է: Լաչինի միջանցքը կարեւոր նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կենսական նշանակութիւն ունեցող մատակարարումներ հասցնելու համար: Ես կը միանամ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի` միջանցքով առեւտրական եւ մարդասիրական մատակարարումներու ազատ տարանցման կոչին», կը յայտնէ Փաուըր։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2023, 07:40