Որոնել

2021.07.28 Chiesa di Shushi prima e dopo invasione azera

Ազրպէյճանը սկսած է բռնագրաւուած Շուշիի եկեղեցիներուն աղուանական ուղղափառացման գործընթաց

Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ոչնչացման, որ ազրպէյճանը կ՝իրականացնէ «վերանորոգման» անուան տակ, Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ խեղաթիւրման աշխատանքները ազրպէյճանի կողմէ սկսած են դեռ 2021 թուականին, եւ, ցաւօք, հայկական կողմը որեւէ տեղեկատուութիւն չունի, միակ տեղեկատուութեան աղբիւրը հասարակական ցանցերն են եւ ազրպէյճանի կողմէ հրապարակուած տեսանիւթերը։

Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ մնալ ազրպէյճանական շրջափակման մէջ։ Արդէն 8 ամիս է՝ Արցախը կտրուած է արտաքին աշխարհէն, փակ է անոր կեանքի միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը, որուն իբրեւ արդիւնք 120 հազար արցախահայեր կանգնած են ցեղասպանուելու շեմին։

Այս պայմաններուն մէջ Արցախի մէջ
աստիճանաբար կը վատթարանայ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն իրավիճակը Զբօսաշրջութեան ոլորտը եւս կը գտնուի անդամալուծուած վիճակի մէջ. եթէ 2020 թուականի աղէտալի պատերազմէն ետք այդ ոլորտը աստիճանաբար կը փորձէր վերականգնուիլ՝ շրջափակման պայմաններուն մէջ այդ ամէնը դարձած է անհնար։

168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ խօսելով շրջափակման հետեւանքով զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս յառաջացած խնդիրներուն մասին՝ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ դեռ կրած վնասներուն վերաբերեալ հաշուարկներ չեն ըրած, սակայն անոնք մեծ են։

«Բնականաբար, պաշարման ժամանակ մասնաւորապէս ներքին զբօսաշրջութիւնը պէտք է զարգանար, եւ նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կ՝իրականացուէր «Տուրիզմ-բաս» ծրագիրը, որ շատ քիչ վճարի դիմաց մարդոց կը տրամադրէր տարբեր ուղղութիւններով զբօսաշրջային երթուղիներ։ Մարդիկ մեծ սիրով ու հետաքրքրութեամբ կ՝օգտուէին այդ երթուղիներէն։ Այս տարի այս աշխատանքները արդէն 100 տոկոսով կ՝իրականացուէին, օրինակ, նախորդ տարի, երբ չկար շրջափակում, այդ ծրագիրը իր տոմսերուն վաճառքը կատարած է 80 տոկոսով, իսկ այս տարի՝ 100 տոկոս, ցաւօք, մենք կրցանք մինչեւ Յունիսի վերջ այդ ամէնը շարունակել։

Հիմա արդէն գնուած տոմսերը ետ կը վերցնենք, քանի որ վառելիքի պատճառով մրցոյթը շահած ընկերութիւնը չի կրնար համապատասխան այդ երթուղիները սպասարկել։ Մեծ վնաս հասցուած է նաեւ ներքին զբօսաշրջութեան, որ շատ մեծ խնդիր է»,- նշեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Անոր խօսքով՝ շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ վառելիքի խիստ պակաս կայ, որուն հետեւանքով ալ այս պահուն բոլոր ծրագրերը գրեթէ սառեցուած են։

«Ի ուրախութիւն բոլորիս պիտի ըսեմ, որ դեռ որոշակիօրէն կը շարունակուին Ամարասի վանական համալիրի վերանորոգման աշխատանքները, սակայն, եթէ այսպէս շարունակուի, այդ աշխատանքներն ալ պիտի դադարեցուին։ Ցաւօք, Յուլիսի սկզիբները վանական համալիրներէն մէկուն շինաշխատանքները դադրեցուեցան, քանի որ մարդիկ արդէն վառելիքի բացակայութեան պատճառով չեն կրնար վերանորոգման աշխատանքները շարունակել»,- աւելցուց ան։

Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ոչնչացման, որ ազրպէյճանը կ՝իրականացնէ «վերանորոգման» անուան տակ, Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ խեղաթիւրման աշխատանքները ազրպէյճանի կողմէ սկսած են դեռ 2021 թուականին, եւ, ցաւօք, հայկական կողմը որեւէ տեղեկատուութիւն չունի, միակ տեղեկատուութեան աղբիւրը հասարակական ցանցերն են եւ ազրպէյճանի կողմէ հրապարակուած տեսանիւթերը։

«Ազրպէյճանը սկսած է բռնագրաւուած Շուշիի եկեղեցիներու ուղղափառացման գործընթաց, որ նորութիւն է, քանի որ բռնագրաւուած միւս եկեղեցիները կը յայտարարէ աղուանական։ Ուղղափառացման այդ գործընթացին ծիրէն ներս աշխատանքներ կատարելով՝ կը պղծեն մեր եկեղեցւոյ նախկին տեսքը եւ կը վերացնեն հայկականութիւնը»,- շեշտեց ան։

Լեռնիկ Յովհաննիսեան վստահ է, որ Արցախը ապաշրջափակելէ ետք զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը Արցախի նկատմամբ պիտի մեծնայ, կը մնայ միայն ժամ առաջ հասնիլ այդ ապաշրջափակման եւ անկէ ետք մտածել ոլորտը զարգացնելու մասին։

«Ծրագրեր կային Հայաստանի տարբեր զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ, բայց, ցաւօք, անոնք հիմա սառեցուած են։ Տա Աստուած, շրջափակումը վերացուի, ու մենք սկսինք մեր բնականոն աշխատանքը»,- եզրափակեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2023, 07:50