Որոնել

FILE PHOTO: Local resident Zina Fatyan carries freshly baked bread in divided Taghavard village in Nagorno-Karabakh region

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, արդէն իսկ սովամահութեան դէպքեր կան. Ամերի

Ինչո՞ւ ոչ ոք ուշադրութիւն չի կեդրոնացներ հայերու ինքնորոշման վրայ

Ամերիկացի փաստաբան, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի յառաջատար մասնագէտ Ալֆրետ տը Զայաս անդրադարձած է Արցախի մէջ տիրող կացութեան եւ վրդովմունք յայտնած: Ան այդ առնչութեամբ գրառում կատարած է «Էքս»-ի վրայ:

«Հիմնական լրատուամիջոցները ձեզի չեն տեղեկացներ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն սովամահութեան դէպքեր կան: Անոնք յառաջացած են Ազրպէյճանի ապօրինի շրջափակման պատճառով: Ո՞ւր է վրդովմունքը: Ինչո՞ւ ոչ ոք ուշադրութիւն չի կեդրոնացներ հայերու ինքնորոշման վրայ», գրած է հեղինակաւոր փաստաբանը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2023, 08:30