Արցախ օգնութիւն փոխադրող բեռնատարները տակաւին Կոռնիձորի մէջ կասեցուած կը մնան
Հայաստանէն Արցախ մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող բեռնատարները հինգերորդ օրն է, որ Կոռնիձորի մէջ են, Հակարիի կամուրջին կից:
Ըստ Արցախիի մէջ ճգնաժամի կառավարման խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեանի՝ բեռներու տեղափոխման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժ չկայ. հայկական կողմը կը սպասէ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան արձագանգին: Ըստ նախնական համաձայնութեան՝ առաւել քան 400 թոն բեռը ռուսական խաղաղապահ ուժերուն միջոցով պէտք է ուղարկուէր պաշարուած Արցախ, ուր օրէ օր կը սաստկանայ մարդասիրական ճգնաժամը:
«Բեռները, բեռնատարների շարասիւնը գտնւում է նոյն՝ Հայաստանի պետական սահմանի Կոռնիձոր գիւղի այս նոյն հատուածում՝ փաստացի գտնուելով անշարժ վիճակում: Դեռ որեւէ արձագանգ չկայ նաեւ ՌԴ խաղաղապահ զօրախմբի կողմից: Համապատասխան օղակներով, բնականաբար, կապը պահպանւում է», նշեց ան:
Կառավարութեան ներկայացուցիչը շեշտեց, որ, հակառակ միջազգային հանրութեան լայն արձագանգին ու տարբեր կոչերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը եւ խոչընդոտել բեռներու տեղափոխումը:
Արցախի մէջ կացութեան վատթարացման մասին գրած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ տեսերիզ մը տեղադրելով՝ դիտել կու տայ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ ուտելիք ստանալու նպատակով, հերթերու մէջ սպասած ատեն ուշաթափ կ՛ըլլան:
«Շարունակուող շրջափակման հետեւանքով Արցախում ստեղծուած հումանիտար (մարդասիրական) ծանրագոյն պայմաններում հազարաւոր քաղաքացիներ ստիպուած են ժամերով հերթ կանգնել ինչ-որ նուազագոյն քանակի սնունդ կամ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանք ձեռք բերելու համար: Այդ բազմամարդ հերթերում յաճախակի գրանցւում են ուշագնացութեան դէպքեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են բնակիչների հոգեկան գերլարուած իրավիճակով, թերսնուցման պայմաններում իմունային համակարգի խոցելիութեամբ եւ շոգ եղանակային պայմաններով: Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ ուշագնացութեան դէպքերը գնալով աճում են: Սա անհերքելիօրէն փաստում է, որ հումանիտար ծանրագոյն իրավիճակն անմիջականօրէն իր աղէտալի հետեւանքներն է ունենում հանրային առողջութեան վրայ՝ վտանգի տակ դնելով հազարաւոր մարդկանց կեանքեր», յայտնեց Ստեփանեան:
Աղբիւրը Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ