Որոնել

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին մինչեւ 8 օգոստոս ժամանակ տրամադրած է Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ տեղեկութիւն տրամադրելու համար

Վագիֆ Խաչատրեան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ուղեկցութեամբ Երեւան կը տեղափոխուէր հրատապ վիրահատութեան համար:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ազրպէյճանին մինչեւ 8 օգոստոս ժամանակ տրամադրած է Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ տեղեկատուութիւն տրամադրելու համար:

«Ազրպէյճանը պարտաւոր է դատարանին տեղեկութիւններ ներկայացնել այդ անձի գտնուելու վայրին, պահման պայմաններուն, առողջական վիճակին, ստացած բժշկական օգնութեան եւ հաւանական վերադարձին մասին», կը յայտնէ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը:

68 տարեկան արցախցի, Պատարա գիւղի խաղաղ բնակիչը ազրպէյճանցի սահմանապահներուն կողմէ ձերբակալուած էր շաբաթ օր: Վագիֆ Խաչատրեան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ուղեկցութեամբ Երեւան կը տեղափոխուէր հրատապ վիրահատութեան համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2023, 07:35