Որոնել

FILE PHOTO: Smoke rises from the site of an explosion in Beirut

Նոր ծովահէնները եւ լիբանանահայութեան ամուր խարիսխները․ «Ազդակ»ի խմբագրականը

Պայթումը պատահեցաւ համավարակի, քաղաքական անորոշութեան եւ տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու մէջ, աւելի խորերը ներքաշելով հասարակութիւնը` կուտակուած ճգնաժամերու մէջ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն երեք տարի անց, յետադարձ որոշ խորհրդածութիւններ պէտք է արձանագրել:

Պայթումը պատահեցաւ համավարակի, քաղաքական անորոշութեան եւ տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու մէջ, աւելի խորերը ներքաշելով հասարակութիւնը`  կուտակուած ճգնաժամերու մէջ:

Երկու ուղղութեամբ օժանդակութիւններու  փութացումը ուշագրաւ էին: Առաջինը տարբեր պետութիւններ ուղղակի թէ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ճամբով, շրջանցելով կառավարական գերատեսչութիւնները հսկայածաւալ մարդասիրական բնոյթի օգնութիւններ հասցուցին լիբանանցի ժողովուրդին: Պարզ էր ուղերձը. չեն վստահիր պետութեան եւ կապ կը հաստատեն ուղղակի ժողովուրդին հետ. այստեղ աննկատ պէտք չէ ձգել նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ իբրեւ միակ վստահելի նկատուած միաւորը` լիբանանեան բանակի երեւոյթը, որուն վստահուեցաւ բնակարաններու կամ հաստատութիւններու վերանորոգման համար տարբեր պետութիւններու կամ միջազգային ֆոնտերու կողմէ յատկացուած գումարները տեղ հասցնելու գործառոյթը:

Հսկայական այդ գումարներու տրամադրումը եղաւ նաեւ լիբանանեան որոշ կազմակերպութիւններու կողմէ, գուցէ քաղաքացիական շարժումի կարկառուն դէմքերու ճամբով: Այդ հայթայթումի մեթոտները կը կիրարկուէին նոր խորհրդարանի ձեւաւորման նախօրեակին: Խորհրդարանի այսօրուան պատկերը երէկուանը չէ, եւ պէտք է գիտակցիլ, որ քաղաքացիական խմբակցութիւնները այսօր, թէկուզ սահմանափակ քանակով, այդուհանդերձ ներկայ են լիբանանեան խորհրդարանին մէջ:

Օժանդակող պետութիւնները եւ անոնց հովանաւորած կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքներու թիրախին մէջ նկատի չունեցան Պէյրութի քանդուած նաւահանգիստին վերանորոգումը: Այս երեւոյթը կը տեղաւորուի ընդհանրապէս պետական դաշտի կազմաքանդման ընդհանուր միտումի ուղիներուն վրայ: Լիբանանի տնտեսութեան վերականգնման համար նաւահանգիստը կարեւորագոյն յենասիւն է, եւ տնտեսական բնական պաշարներով չյատկանշուած Լիբանանին համար ծովային առեւտուրը եւ նաւահանգստային համակարգը աւելի քան կենսական նշանակութիւն ունին: Առաջադրանքը ուրեմն, ոչ թէ արմատապէս տնտեսութեան վերականգնումն էր եւ պայթումին արհաւիրքային հետեւանքներու վերացումը, այլ` մարդոց կարճաժամկէտ օժանդակութեան փութալով քաղաքական թիրախ խփելը: Պէյրութի նաւահանգիստի աւերակները որոշ ժամանակ ծառայեցին զբօսաշրջական դիտարժան վայրերու շարքին այցելուներու լուսանկարման: Վերականգնումը կ՛ուշանայ:

Վերականգնումը պայման ունի անշուշտ: Միջազգային օժանդակութիւնը նախապայմանային է: Եթէ մէկ կողմէ պետական հաստատութիւններու սեփականաշնորհման եւ շահարկման առաջադրանքին մասին կը խօսուի, միւս կողմէ աւելի հեռանկարային առումով ապակեդրոնացում-դաշնակցային դրութիւն ծրագիրի շրջանառումով նաւահանգիստի եւ անոր նման համապետական հաստատութիւններու գործարկման եղանակներուն մասին տեսութիւններ կը շրջանառուին:

Քաղաքական նախապայմանային այս օժանդակութիւններու տրամադրումներէն կամ զլացումներէն անկախ լիբանանահայութեան համար պարզուեցաւ խորքային այլ երեւոյթ: Յարանուանութիւններ, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ համախմբուեցան լիբանանահայութեան կրած հարուածէն դուրս գալու համար: Պայքար համավարակին եւ տնտեսական գահավիժումին դէմ. առաւել եւս` պայթումին հասցուցած ծանր հետեւանքներուն:

Այս համախմբուածութեան խորհուրդը տարածուեցաւ հայկական աշխարհին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ, անցնելով Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա եւ նոյնիսկ միջինարեւելեան տագնապահար համայնքներ բոլորը անխտիր ձեռք երկարեցին վիրաւոր լիբանանահայութեան:

Վիրաւոր լիբանանահայութիւնը, ի տես հայկական աշխարհի զօրակցութեան, վերստին ուղղեց իր ողնաշարը եւ վճռեց յաղթահարել ծանրագոյն հետեւանքները: Վերաշինութիւն, վերանորոգում, վերակահաւորում եւ մանաւանդ շատ արագ կազմակերպ, աշխուժ հաւաքական կեանքի վերադարձ. այս բոլոր գործողութիւնները փոխանցեցին հայկական աշխարհին, որ լիբանանահայութիւնը արժանի էր բոլորին նիւթաբարոյական զօրակցութեան:

Նաւահանգիստի յղացքը աստուածաշնչական, հասարակագիտական թէ խորհրդաբանական առումներով փոթորիկներէն դէպի ապահով տեղ հասնելու խորհրդանիշը կ՛ամփոփէ իր մէջ: Այդ յղացքին անմիջականօրէն կապուած է նաեւ փարոսի գաղափարը, որ կողմնացոյցի դեր ունի ընդհանրապէս եւ յատկապէս նաւաբեկուած ճամբորդներուն համար:

Արժեհամակարգերու արմատական ու շրջիվար փոփոխութիւններու ներկայ փոթորիկներուն մէջ լիբանանահայութիւնը թէ՛ փարոսի եւ թէ՛ նաւահանգիստի խորհրդաբանական կարգավիճակը կը շարունակէ պահել: Ծովահէնները փոխած են իրենց զէնքերը եւ ճանապարհորդող նաւերուն վրայ յարձակելու միջոցները: Անկախ Պէյրութի նաւահանգիստի վերանորոգումէն, լիբանանահայութիւնը պարտաւոր է արդիականացնել նաւահանգստային իր խարիսխները եւ  նոր ճաճանչներով վերալուսաւորել հայկական ամբողջ աշխարհին համար տեսանելի իր փարոսը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 07:20