Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT

ՄԱԿի Հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները Կոռնիձոր այցելեցին

Կիւթիերեշի բանբերը, առանց նշելու Լեռնային Ղարաբաղ տեղանունը՝ յայտնեց, որ քարտուղարը յատկապէս մտահոգ է տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին հաղորդումներով եւ կոչ ուղղեց շտապ քայլերու ձեռնարկելու՝ դիւրացնելու կարիքաւոր մարդոց մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը:

ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները 3 Օգոստոսին այցելեցին Կոռնիձոր, ուր արդէն ինն օրերէ ի վեր, անշարժ կանգնած է Հայաստանի կառավարութեան Արցախ ուղարկելիք մարդասիրական բեռներով բեռնատարներու շարասիւնը:

Հայաստանի մօտ ՄԱԿի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Նաննա Սքաու ուղիղ պատասխան չտուաւ այն հարցումին, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ ՄԱԿը, որպէսզի այդ բեռը տեղ հասնի, ան միայն յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը դրական արդիւնք կու տայ:

Աւելի կանուխ ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժին վերաբերեալ շարունակական մարտահրաւէրներուն մասին հաղորդումներով: Ան վերահաստատեց իր յայտարարութիւնները Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները կատարելու՝ Լաչինի միջանցքով անարգել տեղաշարժը ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին:

 Կիւթիերեշի բանբերը, առանց նշելու Լեռնային Ղարաբաղ տեղանունը՝ յայտնեց, որ քարտուղարը յատկապէս մտահոգ է տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին հաղորդումներով եւ կոչ ուղղեց շտապ քայլերու ձեռնարկելու՝ դիւրացնելու կարիքաւոր մարդոց մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը:

 «Մենք մեծ ակնկալիքներ ունենք, որ միջազգային հանրութեան ճնշումը Ադրբեջանի վրայ հնարաւորութիւն կը տայ վերաբացելու միջանցքը՝ թոյլ տալու ձեր ետեւում գտնուող հումանիտար (մարդասիրական) բեռների մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ, որին, իհարկէ, կը հետեւեն այլ բեռներ», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Դաւիթ Կնեազեան, որ կ՛ընկերակցէր ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն: 

 Ան շեշտեց, որ պիտի օգտագործեն ամբողջ գործիքակազմը՝ միջազգային կառոյցները հարցի լուծման մէջ ներգրաւելու համար։ «Ամբողջ գործիքակազմը, որը մեր տրամադրութեան տակ է՝ որպէս ինքնիշխան պետութեան, մենք օգտագործելու ենք՝ ապահովելու համար Լաչինի միջանցքի վերաբացումը: Նման գործիքները շատ են, մենք հետեւողական կերպով դրանք օգտագործում ենք, գործի ենք դնում ըստ անհրաժեշտութեան: Նպատակն է ուժեղացնելու, ահագնացնելու միջազգային ճնշումը Ադրբեջանի վրայ»:

 ՄԱԿի ներկայացուցիչները նաեւ հանդիպում ունեցան Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Հայաստան մնացած արցախցիներու հետ, որոնք յոյս ունին, որ միջազգային կառոյցները իրենց կարելին պիտի ընեն Լաչինի միջանցքի վերաբացման հարցով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ 

 Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գրիգորեան ներկայացուց Արցախի իրավիճակը:

 «Ես չեմ պատրաստւում յիշել օրինակներ անցեալից կամ գնահատել սովի ապագայ ռիսկերը (վտանգները) հակամարտութեան համատեքստում: Փոխարէնը ես ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհրդի ուշադրութիւն եմ ուղղում իրավիճակին, որը տեղի է ունենում հէնց հիմա՝ Լեռնային Ղարաբաղը վտանգի է ենթարկւում Ադրբեջանի կողմից լիակատար շրջափակման հետեւանքով», ըսաւ Գրիգորեան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 08:18