Որոնել

Eurasian Intergovernmental Council in Armenia

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ լարուած յարաբերութիւնները նոր փուլ մտան

Մոսկուա Փաշինեանի իշխանութեանը կը մեղադրէ ստեղծուած իրավիճակին համար` յայտարարելով, որ անիկա արդիւնքն է Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման:
Ունկնդրէ լուրը

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները նոր փուլ մտան։ Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին, իրարու հասցէին մեղադրանքները առաւել եւս բազմացան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, արձագանգելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ՝ Ռուսիա իր կողմէ ձեռնարկուող կամ չձեռնարկուող քայլերու բերումով ի՛նք կը հեռանայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն, հաստատեց, որ Ռուսիա չի պատրաստուիր հեռանալ Հարաւային Կովկասէն։  

«Ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղում ռուս խաղաղապահների ներկայութեան հիմնական նպատակներից մէկը հէնց քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնն է: Տուեալ դէպքում անվտանգութիւնը, այդ թւում` ազատ տեղաշարժի իրաւունքը, չի ապահովւում, եւ դա իսկապէս մտահոգիչ փաստ է։

Շատ են Ռուսաստանի մեր գործընկերները խօսում այն մասին, որ արեւմտեան երկրները Հայաստանի հետ աշխատում են կամ Հայաստանի կառավարութեանը դրդում են, որպէսզի Հայաստանի կառավարութիւնը միջոցներ ձեռնարկի, որոնց նպատակն է Ռուսաստանին դուրս մղել մեր տարածաշրջանից: Բայց մենք Ռուսաստանի մեր գործընկերների հետ խօսելիս երբեմն ասում ենք, բարձրաձայնում ենք մեր կարծիքը եւ մեր գնահատականը, որ ընդհակառակը, մենք տեսնում ենք, որ Ռուսաստանը հէնց իր կողմից ձեռնարկուող կամ չձեռնարկուող քայլերի բերումով ինքն է հեռանում տարածաշրջանից», ըսած էր Փաշինեան:

Իբրեւ պատասխան Փաշինեանին՝ Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիա խոր յարգանք ունի վարչապետ Փաշինեանի նկատմամբ, կը գնահատէ զայն եւ նախագահ Փութինի հետ անոր աշխատանքային եւ շատ կառուցողական յարաբերութիւնները, բայց այդ թէզերուն կարելի չէ համաձայն ըլլալ: «Ռուսիա ոչ մէկ տեղ երթալու կը պատրաստուի։  Ռուսիա կը շարունակէ հետեւողական, շատ կարեւոր դեր խաղալ իրավիճակի կայունացման եւ հակամարտութեան վերացման մէջ: Այս պարունակին մէջ, տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմ յայտարարութիւններուն կարեւոր է: Եղած են նոր իրադարձութիւններ, որոնք որոշ չափով փոխած են իրավիճակը, սակայն այս չի նշանակեր, թէ Ռուսիա որեւէ կերպ կը շեղի իր գործունէութենէն»։

Ան հաստատեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ ապահովութեան երաշխաւորի դեր խաղալ Հարաւային Կովկասի, յատկապէս Արցախի մէջ՝  իրավիճակի կայունացման եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման առումով, եւ որ` պիտի շարունակէ նոյն ձեւով: Փեսքով շեշտեց, որ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն՝ 2020ի եռակողմ համաձայնագիրներուն հաւատարիմ մնալը կարեւոր է:

Միւս կողմէ, Մոսկուա Փաշինեանի իշխանութեանը կը մեղադրէ ստեղծուած իրավիճակին համար` յայտարարելով, որ անիկա արդիւնքն է Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման:  

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 5 Սեպտեմբերին եւս առիթը չփախցուց Հայաստանի իշխանութիւնները, մասնաւորապէս վարչապետը հրապարակաւ կոշտ կերպով քննադատելու:

Զախարովայի զայրոյթին պատճառը Փաշինեանի այն յայտարարութիւնն էր, թէ ապահովական ոլորտին մէջ, միայն մէկ տեղի հետ կապուած ըլլալը ինքնին ռազմավարական սխալ է:

«Պէտք է պատասխանատուութիւն կրել եւ սեփական պատասխանատուութիւնը, մեղքը ուրիշին վրայ չբարդել: Ինքնին ասոր մէջ է տարբերութիւնը քաղաքական, պետական գործիչի մը եւ անցողիկ մարդու մը, որ չի մտածեր իր երկրին ազգային շահերուն մասին», յայտնեց ան։

Ցաւակցութիւն յայտնելով Սոթքի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ ատրպէյճանցիներու յարձակման պատճառով հայ զինուորներու զոհուելուն՝ Զախարովա ըսաւ, որ Ռուսիա թեր է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գօտիին մէջ ՀԱՊԿ առաքելութեան տեղակայման:

Ան անհրաժեշտ նկատեց « Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման ուղղութեամբ կանոնաւոր, հետեւողական աշխատանքը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ, վստահութեան ամրապնդման քայլերուն զուգահեռ»:

«Մենք նաեւ կողմ ենք սահմանային գօտիին մէջ ՀԱՊԿի առաքելութեան տեղակայման: Այստեղ գնդակը Երեւանի դաշտին մէջ է: Կազմակերպութեան միւս անդամ երկիրները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են այդ քայլին», նշեց Զախարովա՝ աւելցնելով, որ 1 Սեպտեմբերին զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ցած մակարդակի արդիւնաւէտութիւնը։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2023, 09:41