Որոնել

2023.07.01 Situazione umanitaria in Artsakh allo stremo

«Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ի նեցուկը՝ Հայաստան հաստատուած արցախցիներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գուգարաց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան եպս. Յակոբեանին տնօրինութեամբ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի ՏՈՒՆ Սոցիալ Կրթական Կեդրոն»ի պատասխանատու Հռիփսիմէ Միրզոյեանի համագործակցութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեան, Լիբանանի մէջ պատրաստեց բռնի տեղահանուած արցախահայ 50 ընտանիքներու իւրաքանչիւր անդամի համապատասխան տարիքով եւ չափերով նուէրներ եւ հագ ու կապ։

Օրերս Պէյրութի մէջ գործող «Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ը հանդէս եկած է Հայաստան հաստատուած արցախցի մեր հայրենակիցներուն օժնադակութիւններ հասցնելու գովելի նախաձեռնութեամբ։

Միութեան ատենապետուհի եւ նախաձեռնութեան կեդրոնական անձնաւորութիւն՝ Տիկին Անահիտ Պուլտուքեան- Տանձիկեան կը գրէ՝ 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գուգարաց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան եպս. Յակոբեանին տնօրինութեամբ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի ՏՈՒՆ Սոցիալ Կրթական Կեդրոն»ի պատասխանատու Հռիփսիմէ Միրզոյեանի համագործակցութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեան, Լիբանանի մէջ պատրաստեց բռնի տեղահանուած արցախահայ 50 ընտանիքներու իւրաքանչիւր անդամի համապատասխան տարիքով եւ չափերով նուէրներ եւ հագ ու կապ։ 

Մօտաւորապէս, ութ հազար Արցախահայ կ՚ապրի Լոռի մարզին մէջ։ Ասոնցմէ, 15 բազմանդամ ընտանիք տեղաւորուած է Գուգարք եւ Շահումեան գիւղերու մէջ եւ 35 բազմանդամ ընտանիք Վանաձորի մէջ, որ Հայաստանի երրորդ կարեւորագոյն քաղաքը կը համարուի ։

Երեքշաբթի, 2 Ապրիլ, 2024-ին առաւօտեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդարանին մէջ, Գերշ. Տ. Յովնան եպս. Յակոբեանը ծանօթացուց Լոռի մարզին 17 քահանաներէն, Արժանապատիւ Տէր Վահան աւագ քահանայ Ազարեանը՝ Վանաձորի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացու Հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Ներսէս քահանայ Ղալայեանը՝ Գուգարաց թեմի Մարգահովիտ համայնքի և տարածաշրջանի հոգևոր հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Գրիգորիս քահանայ Տէրմենճեանը Գուգարաց Թեմի Դսեղ համայնքի տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ եւ Հռիփսիմէ Միրզոյեանը։ 

Տէր Ներսէս քահանային եւ Հռիփսիմէին հետ այցելեցինք բռնի տեղահանուած բազմանդամ 15 ընտանիքի տուն Գուգարք եւ Շահումեան գիւղերու մէջ, ոգեւորեցինք, յոյս տուինք, խրատեցինք, ուրախացուցինք եւ գոհացուցինք զիրենք։ 

Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ, 2024-ին, Արժանապատիւ Տէր Վահան աւագ քահանայ Ազարեան, Վանաձորի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացու հովիւ, Հռիփսիմէ Միրզոյեան եւ Արեւիկ Եղիազարեան, ծրագրերի պատասխանատուին հետ հաւաքուեցանք, Լոռի մարզի Վանաձոր մայրաքաղաքին՝ Մայր Եկեղեցւոյ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, սրահին մէջ։ Աւելի քան 30 ընտանիքի հայրեր ու մայրեր ներկայ էին։ Տէր Վահանը եւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհին հաճելի զրոյցներով ոգեւորութիւն ներշնչեցինք բռնի տեղահանուած բազմանդամ ընտանիքներու, որոնց անդամները իրենց երախտագիտական զգացումները յայտնեցին այս հանդիպումին համար։ 

Ապա այցելեցինք Վանաձորի կեդրոնէն հեռու ապրող այլ 5 ընտանիքներու, Տէր Վահանի ուղեկցութեամբ։ Զանազան ընտանիքներու մէջ, տատիկներ կ'ապրին որոնց ցաւն ու վիշտը շատ ահռելի էր, ամուսնու, զաւկի եւ թոռան կորուստէն։ 

Լոռի մարզի արցախահայութեան այցելութեան ընթացքին նոյնպէս, իւրաքանչիւր անդամ ստացաւ անհատական նուէրներ տրամադրուած եւ պատրաստուած Լիբանանի համախմբումի վարչութեան անդամներու կողմէ, նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիք ստացաւ կոկիկ գումար մը։ Սոյն օժանդակութիւնը տրամադրեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքի, «Գլարա Մարկոսեան հիմնադրամ»ի տնօրէն՝ Տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմագեանը։

Արցախահայութիւնը հրաշք ժողովուրդ է։ Պարտինք չմոռնալ զիրենք եւ օգտակար ըլլալ իրենց կեանքին բարելաւման։

Անոնք ունին հրաշալի յատկութիւններ՝ բարձր արժանապատւութիւն, իրենց մռայլ հոգեվիճակին մէջ անգամ կը մտածեն ուրիշին օգնել, շատ երախտագէտ են, կը սիրեն անպայման հիւրասիրել իրենց մասնագիտութեամբ պատրաստուած քաղցրեղէնով և այլ ուտելիքով։ 

Արցախահայութիւնը շնորհակալ է իրենց կատարուող օժանդակութեան համար, յատկապէս մանկավարժներ, որոնք արդէն աշխատանքի անցած են, իսկ հողագործներ որոնք հողին կապուած աշխատանքի լծուած են։ 

Սակայն հայ զինուորը տակաւին կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի կառավարող մարմինը լուծում մը տգնէ իրենց գոյութենականութիւնը բարւոք ապահովուելու համար։ 

Չմոռնանք այս դժնդակ օրերուն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքները եւ մեր առօրեայ հացէն ու ապրուստէն բաժին մը հանենք օգտակար դառնալով իրենց։ 

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը յառաջիկային Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ապրող արցախցիներուն։ Մենք կը ձգտինք կատարել այն ինչ որ բարին է ու օգտակար մեր սիրելի հայրենակիցներուն։ 

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2024, 08:44