Որոնել

2024.04.22 Giornata della memoria Armena - 109° anniversario del Genocidio Armeno

Հայ Ժողովուրդին յիշողութեան օրը Հռոմի Հայոց Ցեղասպանութեան Այգիին մէջ

Այս տարուան որպէս կարգախօս ընտրուած է. «Անտարբերութեան խաւարին մարտահրաւէր նետող ազգի մը ուժը» եւ ներկայացուցած է մարդու մը պատկերով որ նուաճած է լեռան բարձունքը, որպէս խորհրդանիշը ճիգին ու յոգնութեան բայց նաեւ ուժին ու կամքին։ Մինչ խաւարի անտարբերութեան դէմ պայքարը նկարագրուած է արշալոյսով որուն լեռնագնացը կ՛ուղղէ իր հայեացքը, յոյսով նայելով ապագային, ձեռքը ամուր բռնելով հայկական դրօշը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հռոմաբնակ հայութիւնը եւ իտալացի բարեկամներ, յառաջիկայ 24 ապրիլ 2024ի առաւօտեան ժամը 11-ին պիտի համախմբուին Հռոմի Փորթուէնսէ շրջանի Փիացցա Աուկուսթօ Լորենցինի հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան անունով փոքրիկ այգիին մէջ յիշատակելու համար հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակները ու միասնաբար վերահաստատելու այս «ոչ երբեքը» ի դէմ որեւէ բռնութեան ու մարդկութեան դէմ ոճիրի։

Արարողութեան կը մասնակցին Իտալիոյ Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանին, ապա քաղաքական ու դիւանագիտական մարմնի պատգամաւորներ, հայ եկեղեցւոյ կղերական դաս անդամներ, ու հռոմաբնակ հայորդիներ ու անոնց իտալացի բարեկամներ։

Այս տարուան որպէս կարգախօս ընտրուած է. «Անտարբերութեան խաւարին մարտահրաւէր նետող ազգի մը ուժը» եւ ներկայացուցած է մարդու մը պատկերով որ նուաճած է լեռան բարձունքը, որպէս խորհրդանիշը ճիգին ու յոգնութեան բայց նաեւ ուժին ու կամքին։ Մինչ խաւարի անտարբերութեան դէմ պայքարը նկարագրուած է արշալոյսով որուն լեռնագնացը կ՛ուղղէ իր հայեացքը, յոյսով նայելով ապագային, ձեռքը ամուր բռնելով հայկական դրօշը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցի նշումին ծիրէն ներս յառաջիկայ 2 մայիս 2024 երեկոյեան ժամը վեց ու կէսին, համագործակցութեամբ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ դեսպանատուներուն եւ Հռոմի Հայ համայնքին, Հռոմի «Institut français Centre Saint-Louis» կեդրոնին մէջ պիտի ցուցադրուի «Francofilm Festival»ի ժիւրիի մրցանակը շահող Իրմա Սահակեանի` «Ավրորայի լուսաբացը» ֆիլմը։

Յայտնենք, որ Հռոմի Piazza Lorenzini-ի «Հայոց ցեղասպանութեան այգի» տեղանունին բացումը կատարուած է 2010 թուականի մայիսի 28-ին «Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի» նախաձեռնութեամբ։

Այս մէկը եղած է Հռոմի քաղաքապետարանի կողմէ ձեռնարկուած երկրորդ նախաձեռնութիւնը` 2006 թուականին Մեծ Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած յուշատախտակի տեղադրումէն ետքը, Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան Եկեղեցւոյ բակին վրայ։ Այս նախաձեռնութիւնը եւս ծրագրուած ու հովանաւորուած էր Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2024, 08:58