Որոնել

PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւն

Քաթարի վարչապետը յայտարարեց, որ զինադադարը պիտի սկսի գործադրուիլ 19 յունուարէն սկսեալ:

Երէկ երեկոյեան ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման շուրջ: Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ երկու կողմերը այս համաձայնութեան յանգեցան Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կատարուած բանակցութիւններէ ետք:

Քաթարի վարչապետը յայտարարեց, որ զինադադարը պիտի սկսի գործադրուիլ 19 յունուարէն սկսեալ: Ան աւելցուց, որ Տոհան աշխատանքը պիտի շարունակէ Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ` երաշխաւորելու համար Իսրայէլի եւ Համասի կողմէ համաձայնութեան գործադրութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 09:08