Ահմետ Շարհ Սուրիոյ փոխանցման փուլի նախագահ. Սուրիական բանակի ու խորհրդարանի լուծարում եւ սահմանադրութեան ջնջում
Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան բանբեր զօր. Հասան Ապտելղանի յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան նախագահ Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) փոխանցման փուլին համար ստանձնած է Սուրիոյ նախագահի պաշտօնը:
Ապտելղանի շնորհաւորեց «փառաւոր սուրիացի ժողովուրդը» «յեղափոխութեան յաղթանակ»-ին առիթով` աւելցնելով. «Սուրիոյ փառաւոր յեղափոխութեան յաղթանակը կը յայտարարենք եւ իւրաքանչիւր տարուան 8 դեկտեմբերը կը նկատենք ազգային օր»:
Ան ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահը լիազօրուած է ձեւաւորելու փոխանցման փուլին համար ժամանակաւոր խորհրդարան մը, որ իր պարտականութիւնները կը կատարէ մինչեւ երկրի մնայուն սահմանադրութեան մը որդեգրումը:
Ապտելղանի յայտարարեց, որ 2012 թուականին որդեգրուած սահմանադրութիւնը կը ջնջուի եւ արտակարգ բոլոր օրէնքներու գործադրութիւնը կը դադրեցուի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանն ու անոր յանձնախումբերը կը լուծարուին:
Ան յայտարարեց, որ բանակը կը լուծարուի եւ «ազգային հիմերու վրայ» պիտի վերակառուցուի, կը կազմուի «անվտանգութեան նոր կառոյց մը, որ կը պահպանէ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», ինչպէս նաեւ զինեալ բոլոր խմբաւորումները եւ յեղափոխական քաղաքական ու քաղաքացիական բոլոր մարմինները կը լուծարուին: Ան կոչ ուղղեց, որ անոնք միախառնուին պետութեան:
Ապտելղանի ըսաւ, որ Պաաս կուսակցութիւնն ու Ազգային յառաջդիմական ճակատի կուսակցութիւնները եւ անոնց առնչուած կազմակերպութիւնները, հաստատութիւններն ու յանձնախումբերը կը լուծարուին, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլուի զանոնք այլ անունի տակ վերակազմելը, իսկ անոնց բոլոր սեփականութիւնները կը դառնան սուրիական պետութեան սեփականութիւնը:
Շարհ չորեքշաբթի երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց զինուորական գործողութեան վարչութեան խմբաւորումներուն ընդլայնուած ժողովի մը, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ փուլին Դամասկոսի առաջնահերթութիւնները, որոնք են` «իշխանութեան բացը լեցնելը, քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանումը, պետութեան հաստատութիւններուն կառուցումը եւ տնտեսական զարգացման ենթակառոյցի կառուցման վրայ աշխատանքը»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի իր կարգին նշեց, որ Սուրիան կը վարէ նպատակաուղղուած ու բազմերես արտաքին քաղաքականութիւն մը` արտասահմանի մտահոգութիւնները փարատելու եւ իր պատկերացումը յստակացնելու համար:
«Արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակը նպաստելն է շրջանային ու միջազգային կացութեան մը ստեղծումին, որ համագործակցութեամբ ու փոխադարձ յարգանքով կը բնորոշուի»:
Նշենք, որ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը երէկ այցելեց Դամասկոս` հանդիպում ունենալու համար Սուրիոյ նոր նշանակուած նախագահ Ահմետ Շարհի հետ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար հազարապետ Մըրհեֆ Ապու Քասրա եւ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ալի Նաասան ու շարք մը սուրիացի սպաներ երէկ ընդունած են Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն հետ Սուրիոյ բանակի զօրանոցներու տեսչական շրջագայութիւն կատարած են:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ