«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ը Կոչ Կ՛ուղղէ Պաքուին՝ Ձերբակալուած Լրագրո
Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» (Amnesty International) հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ ՔՈՓ 29էն ետք ձերբակալուած լրագրողները ազատ արձակելու եւ այդ կոչին միանալ փափաքողներուն կ՛առաջարկէ նամակ ուղարկել Ատրպէյճանի նախագահին:
6 Դեկտեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան ՔՈՓ 29 համաժողովէն ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ձերբակալեցին 7ը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ` «մաքսանենգութեան» կեղծ մեղադրանքներով, որոնց միջոցով անոնց կը սպառնայ 5էն 8 տարիներու բանտարկութիւն։
«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ը դիտել կու տայ, որ անոնց կամայական բանտարկութիւնը ու հետապնդումը հաշուեյարդար է անոնց լրագրողական գործունէութեան եւ մաս կը կազմէ քննադատութիւնը լռեցնելու համար կառավարութեան կողմէ գործադրուած ճնշումներուն, որոնց ահագնացած են շուրջ մէկ տարի առաջ։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ