Որոնել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Հարաւային Քալիֆորնիոյ կատաղի հրդեհները տարհանեցին Հայ ընտանիքներ եւ քանդեցին տուներ եւ Համայնքային կառոյցներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կապ հաստատած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի հետ՝ տեղեկանալու Լոս-Անճելըսի մէջ տարածուող հրդեհի հետեւանքներու եւ տեղի հայ բնակչութեան վիճակի մասին։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններու մէջ 7 Յունուարին սկսած եւ 8  Յունուարին շարունակուած սաստիկ հովերուն պատճառով յառաջացած երեք մեծագոյն եւ կատաղի հրդեհները պատճառ դարձան տարհանման հազարաւոր հայ ընտանիքներու, որոնք ստիպուած եղան հեռանալու իրենց տուներէն, ինչպէս նաեւ համայնքի կառոյցներու քանդումին, ինչպէս՝ Փասատինայի մէջ գտնուող Սահակ Մեսրոպ վարժարանը, որ դարձաւ հրդեհին զոհը:

Հրդեհները տեղական իշխանութիւնները առաջնորդեցին իրենց բնակարաններէն հեռանալու հրահանգներ արձակելու, երաշխաւորելու համար բնակչութեան ապահովութիւնը։

Ալթատինայի, Փասատինայի, Լա Քանիատայի, Քրեսենթա հովիտի եւ հիւսիսային Կլենտէյլի մէջ ապրող մեր համայնքներու հազարաւոր բնակիչներ ստիպուած եղան հեռանալու իրենց բնակարաններէն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յայտարարեց, թէ խնդրոյ առարկայ շրջաններուն մէջ գտնուող իր կեդրոնները բաց են հրդեհներուն պատճառով ապաստանի կարիք ունեցողներուն առջեւ։ Կը խնդրուի դիմել հետեւեալ թիւերուն․

 – Պըրպենք՝ Արթինին՝ (818) 486-0668
– Քրեսենթա հովիտ՝ Լուսիին՝ (818) 590-5580
– Մոնթեպելլօ՝ Ճէքին՝ (323) 216-1239
– Փասատինա՝ Մանոյին՝ (626) 354-4724
– Սան Ֆերնանտօ հովիտ՝ Րաֆֆին՝ (818) 424-8568։

Հրդեհներու վայրերուն մէջ գտնուող հայկական վարժարանները մնացին փակ, ներառեալ Փասատինայի մէջ Թաւլեան մանկամսուրը, որ վնասներ չէ ունեցած: Դպրոցին տնօրէնութենէն «Ասպարէզ»ին յայտնեցին, որ դպրոցը կարիքը ունի մաքրութեան հսկայ աշխատանքի մը: Յովսէփեան վարժարանը նոյնպէս փակ մնաց, եւ հաղորդուեցաւ անոր կառոյցին հասած վնասներու մասին:

Ալթատինայի Սահակ Մեսրոպ Քրիստոնեայ դպրոցը հրոյ ճարակ դարձաւ: Դպրոցը, որ հիմնուած է 1980ին, ունեցաւ կառոյցի հսկայ վնասներ՝ հաւասարելով գետինին:

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը առկախեց Թաւլեան, Թիւֆէնքեան եւ Փիլաւճեան Ազգային մանկամսուրներուն, ինչպէս նաեւ Շամլեան, Մեսրոպեան, Ալէք Փիլիպոս եւ Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարաններուն դասընթացքները:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին շրջանը եւս պարպումի հրահանգի վայրի մը մէջ կը գտնուէր: Առաջնորդարանէն յայտնեցին, թէ Գեղամ արք. Խաչերեան անվնաս մնալով՝ կը գտնուի ապահով վայրի մը մէջ:

Ազգային առաջնորդարանը եւս յայտարարեց, թէ Փասատինայի, Կլենտէյլի, Մոնթեպելլոյի եւ Էնսինոյի իր եկեղեցիները բաց են՝ ընդունելու համար այն ընտանիքները, որոնք ենթարկուած են տարհանման:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կապ հաստատած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի հետ՝ տեղեկանալու Լոս-Անճելըսի մէջ տարածուող հրդեհի հետեւանքներու եւ տեղի հայ բնակչութեան վիճակի մասին։

Ստորեւ  կատարուած լրատւութիւնը՝

«Անցնող ժամերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մի քանի առիթներով կապ հաստատեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լոս Անճելոսի մէջ ծայր առած հսկայ հրդեհի հետեւանքներուն ի տես։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս հետաքրքրուեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու անոնց բնակարաններուն կացութեամբ։ Այս առումով առաջնորդ սրբազան հայրը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայրապետին։

Այս պահու դրութեամբ զօրաւոր փոթորիկն ու հովը պատճառ կ՚ըլլան, որ հրդեհը աւելի ծաւալի՝ հակառակ հրշէջներուն կողմէ գործադրուած հետեւողական ու ազդու միջամտութեանց։ Ահաւոր հրդեհը առաւելաբար կը տարածուի Փասատինայի, Կլէնտէյլի եւ Լա Քրասէնթայի հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Տեղեկութիւններու համաձայն, կարգ մը հայ ընտանիքներ արդէն իսկ ապաստանած են աւելի ապահով շրջաններ։

Մեր եկեղեցիները յայտարարած են, որ իրենց դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը փափաքին ապաստան գտնել այնտեղ»։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2025, 08:56