Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման 

Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը Համաձայնած են սահմանազատումը իրականացնել Հիւսիսէն Հարաւ

Կողմերը քննարկած են սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցներու նախագիծերը, պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման կայացման ամսաթիւն ու վայրը:

Երէկ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի 11-րդ հանդիպումը` փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուստաֆայեւի նախագահութեամբ, կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Հանդիպման ընթացքին կողմերը շարունակած են միտքերու փոխանակումը սահմանազատման աշխատանքներու հետագայ իրականացման համար սահմանագիծի հատուածներու/հատուածամասերու հերթականութեան հարցի շուրջ եւ համաձայնութեան եկած են սկսելու պետական սահմանի սահմանազատման համալիր աշխատանքները հիւսիսային հատուածէն` Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտէն եւ այնուհետեւ հարաւային ուղղութեամբ` հիւսիսէն հարաւ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ», նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը քննարկած են սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցներու նախագիծերը, պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման կայացման ամսաթիւն ու վայրը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2025, 08:36