Որոնել

2025.01.02 Concerto Natalizio nella chiesa armena cattolica di San Elia - San Gregorio Illuminatore a Beirut

Սուրբ ծննդեան համերգ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Եղիա Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ

«Սուրբ Ծննդեան ոգին» խորագիրը կրող համերգին, համանուն եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարողութեամբ, հնչեցին փունջ մը մեղմ եւ քնքուշ մեղեդիներ` առնչուած Սուրբ Ծնունդի տօնին հետ։

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրբ Ծննդեան նուիրուած երեկոյ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ ժողովրդապետութեան զոյք երգչախումբերը,  հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահի եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու բազմութեան ու նշեալ ժողովրդապետութեան զաւակներուն։

Համերգին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գեր. Արամ վրդ. Աբրահամեան ու ներկայացուց Սուրբ Ծնունդի խորհուրդի ոգին։

«Սուրբ Ծննդեան ոգին» խորագիրը կրող համերգին, համանուն եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարողութեամբ, հնչեցին փունջ մը մեղմ եւ քնքուշ մեղեդիներ` առնչուած Սուրբ Ծնունդի տօնին հետ։

Երեկոյին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին համայնքի անդամներէն դենոր Ճօնի Քոքճեանն ու Լին Ծովիկեանը։

Նաեւ իւրայատուկ ներկայացումով հանդէս եկան ժողովրդապետութեան երեխաները` շարականներու  եւ աղօթքներու երգեցողութեամբ` ներշնչուած առիթի ոգիէն

Արժ. Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեան երեկոն եզրափակեց ներկաները ողջունելով, բարեմաղթութիւններ ընելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով։ 

Հուսկ Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահ, ոգեշնչուած  երգեցողութենէն, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով` թէ կարեւոր է այս դժուարին պայմաններուն մէջ Սուրբ Ծննդեան ոգին ըստ արժանւոյն ապրիլը. ապա կեդրոնացաւ մանուկ Յիսուսի օրինակով պարզութիւն եւ խոնարհութիւն դրսեւորելու անհրաժեշտութեանը՝ ընդգծելով աղօթքի դերակատարութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով երգչախմբի անդամներուն, ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած են սոյն երեկոյի յաջողութեանը ի խնդիր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2025, 13:33