Որոնել

Army chief Joseph Aoun elected as Lebanese President

Հ. Հ. Նախագահն ու Վարչապետը շնորհաւորած են Լիբանանի նորընտիր նախագահ Աունը

Վստահ եմ, որ միացեալ ջանքերով պիտի շարունակենք ընդլայնել երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ գործակցութիւնը. Գրած է նախագահ Խաչատրեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց նախագահ Ժոզեֆ Աունին` Լիբանանի նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Ուղերձին մէջ կը նշուի. «Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ եղբայրական Լիբանանի հետ մեր ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ մշակութային ընդհանրութիւններու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումն ու քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան զարգացումը: Վստահ եմ, որ միացեալ ջանքերով պիտի շարունակենք ընդլայնել երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ գործակցութիւնը»:

Իր կարգին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս նախագահ Աունին շնորհաւորական ուղերձ յղելով յայտնեց. «Համոզուած եմ, որ ձեր առաջնորդութեամբ` մարտահրաւէրներով լեցուն այս ժամանակաշրջանին Լիբանանը պիտի վերագտնէ կայունութեան, խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ուղին: Հայաստանն ու Լիբանանը ունին բարեկամութեան հարուստ աւանդութիւններ` հիմնուած պատմամշակութային սերտ կապերու եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ յարգանքի վրայ:

«Կը վերահաստատեմ Հայաստանի աջակցութիւնը Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան: Կը վստահեցնեմ, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած միջազգային ջանքերուն` մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ծիրին մէջ հայկական խաղաղապահ զօրախումբի գործօն մասնակցութեամբ»:

Աղբիւրը `Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2025, 09:30