Որոնել

2023.07.27 Artsakh - Croce Rossa internazionale

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները յունուարին տեսակցած են Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերուն հետ

«Ձերբակալուածներու հետ անհատական հանդիպումներ տեղի ունեցած են, պայմաններ ստեղծուած են անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար»

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները այս տարուան յունուարին դարձեալ այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայերուն:

Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:

«Ձերբակալուածներու հետ անհատական հանդիպումներ տեղի ունեցած են, պայմաններ ստեղծուած են անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար», նշած է Հուսէյնովա:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 07:54