Որոնել

2025.01.18 Sarkis Nadjarian

Սրտի Խօսք` Սարգիս Նաճարեանին -Ահարոն Շխրտմեան

Սարգիս Նաճարեան այն բացառիկ անձնաւորութիւններէն էր, որ իր պաշտօնակիցներուն ու գրչեղբայրներուն նկատմամբ ունէր հոգատար վերաբերմունք, կը պաշտպանէր անոնց իրաւունքները, կը գործէր անշեղ պարկեշտութեամբ` ուրախ թէ տխուր առիթներով, լաւ թէ՛ ծանր օրերուն: Կոչումին հարազատ մամլոյ ծառայի մը տիպարնէ էր ան: Հայրը զինք մղած էր ընտրելու մամուլը, լրագրական աշխատանքը:

Գուժը կու գար  բարեկամէ մը:  Ոչ եւս է Սարգիս Նաճարեանը…

Անուն  մը, խորհրդանիշ`  լրագրութեան, հայ  մամուլի եւ հրապարակագրութեան:

Սփիւռքահայ եւ լիբանանահայ մամուլի  պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ կը գրաւէ Սարգիս Նաճարեանը: Արհեստավարժ լրագրողի իսկական տիպար մը:

Ընթերցողին համար հաճոյք էր   հետեւիլ « Արարատ»  օրաթերթին մէջ Սարգիս Նաճարեանի առաջնորդողներուն ու խմբագրականներուն, որովհետեւ  նեղ  չափանիշներով չէր կշռադատեր տեղական, շրջանային, հայրենական, ազգային իրադարձութիւնները, այլ` առարկայական տուեալներով, իրապաշտ մօտեցումներով, պատկերաւոր օրինակներով:

Սարգիս Նաճարեան այն բացառիկ անձնաւորութիւններէն էր, որ իր պաշտօնակիցներուն  ու գրչեղբայրներուն նկատմամբ ունէր հոգատար վերաբերմունք, կը պաշտպանէր անոնց իրաւունքները,  կը  գործէր անշեղ պարկեշտութեամբ` ուրախ թէ տխուր առիթներով, լաւ թէ՛ ծանր օրերուն:

Կոչումին հարազատ մամլոյ ծառայի մը տիպարնէ էր ան: Հայրը զինք մղած էր ընտրելու մամուլը, լրագրական աշխատանքը:

Միշտ ժպտադէմ, շրջապատին հաղորդակից,  բայց ամենակարեւորը` յանձնառու եւ  զոհողութիւններու անսակարկօրէն  պատրաստ, հայ մամուլի նուիրեալի մը  դառնութիւնները ճաշակած խմբագիրն էր  Սարգիս Նաճարեանը:

Ականջիս մէջ տակաւին կը հնչեն  լիբանանահայ մամուլի վաղուան օրով մտահոգ Սարգիս Նաճարեանի սա խօսքերը.  «Սերունդ անհրաժեշտ է պատրաստել, շարունակականութիւնը  պէտք է պահպանել:  Մեզ` երիտասարդներս կը խրախուսէր` շուտ, շուտ եկէք, շատ շատ եկէ՛ք…

Արդարութիւն պիտի չըլլայ Սարգիս Նաճարեանի նուիրումին մասին խօսիլ` առանց վկայակոչելու  իրողութիւն մը.  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի   մռայլ տարիներուն Սարգիս Նաճարեան  օրեր, շաբաթներ, ընտանիքէն հեռու, «Արարատ»-ի տպարանին մէջ մէն մինակ կը մնար, որպէսզի անխափան լոյս տեսնէր  «Արարատ»-ը:

Այսօր քառասուն, յիսուն տարիներու  հեռաւորութեան վրայ դիւրին է մէկ քանի նախադասութեամբ խօսիլ այս մասին: Տեսնելը մէկ բան է, ապրիլը` այլ:

Սարգիս Նաճարեանը ազգային- հասարակական գործիչ էր միաժամանակ:   Ձեռներէցօրէն վարեց Հայ մարզական միութեան ատենապետութիւնը: Ստանձնեց ՀԿԲՄ-ի դարմանատուներու տնօրէնութիւնը, լիբանանահայ իրականութեան մէջ գործուն ներկայութեան վերածեց  ՀԿԲՄ-ը, մնաց  հաւատարիմ եւ արժանաւոր զաւակը հայ կաթողիկէ համայնքին:

Պիտի չգրեմ մեր բարեկամութեան,  անմոռանալի յիշատակներուն մասին: Ծանր է անցեալով խօսիլ մարդու մը,  հասարակական գործիչի մը մասին, որպիսին էր Սարգիս Նաճարեանը: Բօթը  ցնցող էր:

Յաւիտենական հանգստութիւն` Սարգիս Նաճարեանի հոգւոյն:

Բի՛ւր յարգանք իր վաստակին եւ յիշատակին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 08:31