Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Սուրիոյ դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցներ չեղեալ յայտարարեց
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ Սուրիոյ դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցներ չեղեալ յայտարարեց: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Նախքան այդ, դիւանագէտներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին. «Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մօտ օրէն առկախել Սուրիոյ դէմ ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն առնչուած պատժամիջոցներու առկախումը»:
«Դիւանագէտներ Եւրոպական Միութիւնը յորդորեցին` Սուրիոյ մէջ տնտեսական մարզին վրայ սահմանափակումները առկախելու արագ քայլեր որդեգրելու, ինչպէս նաեւ յանձնարարեցին Սուրիոյ հետ դրամատնային ու ներդրումային յարաբերութիւնները վերականգնելու», նշեցին դիւանագէտները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ