Որոնել

Գերիներուն փոխանակում Գերիներուն փոխանակում  (ANSA)

Կազայի մէջ գերիներու փոխանակում

Իսրայէլ ազատ արձակեց պաղեստինցի 110 գերիներ, որոնցմէ ոմանք ցկեանս բանտարկուած էին:

Համաս շարժումի զինուորական թեւ Քասսամի Փաղանգներն ու Իսլամական Ժիհատ շարժումի զինուորական թեւ Սարայա Քուտսը երէկ Համասի նախկին ղեկավար Եահիա Սընուարի Խան Եունեսի տան մօտ, ժողովրդային բազմութեան ներկայութեան հետեւանքով իրարանցումի եւ հրմշտուքի պայմաններու մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յանձնեցին իսրայէլացի գերիներ Արպիլ Եահուտն (29 տարեկան) ու Ղատի Մոզեսը (աւելի քան 80 տարեկան), ինչպէս նաեւ 5 թայլանտցիներ:

Գերիներու յանձնման արարողութեան ընթացքին պաղեստինցի զինեալներու ինքնաշարժներուն վրայ պատկերուած էին նախկին նահատակ ղեկավարներու, ներառեալ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նկարները:

Նախքան այդ, Կազայի Ժապալիա գաղթակայանին մէջ ազատ արձակուեցաւ իսրայէլացի կին զինուոր Աղամ Պերկերը: Ազատ արձակուեցան նաեւ 4 այլ գերիներ: Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ ստանձնած է ազատ արձակուած իսրայէլացի 7 գերիները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց, որ այսօր Կազայէն ազատ պիտի արձակուի ամերիկացի գերիներէն մէկը:

Համաս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Խան Եունեսի եւ Ժապալիայի մէջ գերիներու յանձնման երկու գործողութիւններու ընթացքին իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով աւերակներուն մէջ ժողովուրդի մեծաթիւ հաւաքը «պնդումի, ուժի եւ մարտահրաւէրի պատգամ է ընդդէմ բարբարոս բռնագրաւողին, թէ մեր ժողովուրդը իր հողին վրայ կը մնայ եւ վճռած է իրագործել ազատագրումի, վերադարձի եւ ինքնորոշման իր ծրագիրը»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «Մեր գերիներու ազատ արձակման սարսափելի պատկերները յաւելեալ փաստ են Համասի վայրագութեան, որ կարելի չէ պատկերացնել»:

«Միջնորդներուն կոչ կ՛ուղղեմ` երաշխաւորելու այսպիսի սարսափելի տեսարաններու չկրկնուիլը, եւ վստահ ըլլալ մեր գերիներու ապահովութեան, եւ ան, որ կը յանդգնի անոնց ձեռք տալ իր կեանքը կը վտանգէ», աւելցուց Նեթանիահու:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Արպիլ Եահուտի եւ Կատի Մոզեսի ազատ արձակման ընթացքին ստեղծուած պատկերին լոյսին տակ պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումը խանգարելու իսրայէլեան ցուցմունքներ գոյութիւն ունին:

Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց. Վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը հրամայեցին ուշացնել պաղեստինցիներու ազատ արձակումը, մինչեւ իսրայէլացի գերիներու Կազայէն անվտանգ դուրս գալը երաշխաւորելը»:

Համասէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միջնորդներուն կոչ կ՛ուղղենք գերիներու ազատ արձակումը յետաձգելու Իսրայէլի որոշումին միջամտելու»:

Իսրայէլ աւելի ուշ իր կարգին ազատ արձակեց պաղեստինցի 110 գերիներ, որոնցմէ ոմանք ցկեանս բանտարկուած էին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2025, 07:00