Որոնել

US-WEATHER-FIRE

Հայաշատ Կլենտէյլի մէջ անտառային սաստիկ հրդեհներու լոյսին տակ արտակարգ կացութեան մակարդակը բարձրացուած Է 2-րդի

Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ յունուարի սկիզբէն ի վեր շարունակուող հրդեհներու պատճառով արձանագրուած է 24 զոհ:

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ անտառային սաստիկ հրդեհներու լոյսին տակ արտակարգ կացութեան մակարդակը 3-րդէն բարձրացուած է 2-րդի: Այս մասին յայտարարած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան` ներկայացնելով անտառային հրդեհներու պատճառով ստեղծուած կացութիւնը:

Ան ըսած է, որ այս գիշեր կը սպասուին ուժեղ քամիներ, որոնք պիտի յանգեցնեն անտառային հրդեհներու աւելի շատ տարածման: Քաղաքապետին համաձայն, քաղաքը զգալի վնաս կրած է:

«Մեր հրշէջ եւ ոստիկանական ստորաբաժանումները ամբողջովին յագեցուած են լրացուցիչ ուժերով ու  ներուժով եւ պատրաստ են արձագանգելու որեւէ արտակարգ կացութեան», նշած է Ասատրեան:

Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ յունուարի սկիզբէն ի վեր շարունակուող հրդեհներու պատճառով արձանագրուած է 24 զոհ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2025, 07:05