Որոնել

Լիբանան, Պաղեստին Լիբանան, Պաղեստին  (AFP or licensors)

Նեթանիահու. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանէն հեռացումը 60 օրէն աւելի պիտի տեւէ, որովհետեւ համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ չգործադրուեցաւ»

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Քաղաքական ղեկավարութիւնը իսրայէլեան բանակը յորդորեց հարաւային Լիբանանի արեւելեան հատուածէն չհեռանալու»` նշելով. «Բանակին յղուած նամակը յստակ դարձուց, որ Իսրայէլ Լիբանանէն հեռանալու պայմա

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանէն հեռացումը 60 օրէն աւելի պիտի տեւէ, որովհետեւ զինադադարի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ չգործադրուեցաւ»:

«Լիբանանէն աստիճանական հեռացման հոլովոյթը պիտի շարունակուի ամերիկեան վարչակազմին հետ ամբողջական համակարգումով», շեշտեց գրասենեակը` նշելով. «Հարաւային Լիբանանէն հեռացումը պայմանաւորեալ է լիբանանեան բանակի տեղակայումով եւ Հըզպալլայի Լիթանի գետէն անդին հեռացումով»:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Քաղաքական ղեկավարութիւնը իսրայէլեան բանակը յորդորեց հարաւային Լիբանանի արեւելեան հատուածէն չհեռանալու»` նշելով. «Բանակին յղուած նամակը յստակ դարձուց, որ Իսրայէլ Լիբանանէն հեռանալու պայմանաժամը երկարաձգելու համար Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ կը վարէ»:

«Բանակը սկսաւ (հարաւային Լիբանանի) արեւմտեան հատուածին մէջ վերատեղակայում կատարել` լիբանանեան կառավարութեան հետ ստորագրուած համաձայնութեան հիմամբ», նշեց կայանը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Նախարարաց սեղմ խորհուրդը յստակացուց, որ իսրայէլեան բանակը պիտի պահպանէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ներկայ տեղակայումը»:

«Իսրայէլ ներկայիս հարաւային Լիբանանէն պիտի չհեռանայ` լիբանանեան բանակի իր յանձնառութիւնները չկատարելուն պատճառով», նշեց կայանը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը նաեւ հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը պատրաստ է որեւէ բեմագրութեան եւ կարծր կերպով ու անմիջապէս պիտի հակադարձէ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ խախտումի»:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նախքան այդ հաղորդած էր, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի երկարաձգելու հարաւային Լիբանանի մէջ իր ներկայութիւնը, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ն ու Միացեալ Նահանգները այդ մասին տեղեակ պահուած են:

Ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ Իսրայէլ Ուաշինկթընէն խնդրած է երկարաձգել հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի կեցութիւնը` քանդելու համար Հըզպալլայի ենթակառոյցը:

Կայանը աւելցուց, որ իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ մնալու որոշումը քաղաքական իշխանութիւններուն ձեռքն է:

Իսրայէլեան Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Պենի Կանց յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակին արտօնուած չէ Լիբանանի մէջ արգելակիչ շրջանէն հեռանալ: Բանակը պէտք է շարունակէ աշխուժացնել գործողութիւնները Հըզպալլայի կողմէ որեւէ խախտումի դէմ, անիկա փոքր ըլլայ, թէ վտանգաւոր»:

«Պէտք է պնդենք, որ լիբանանեան կառավարութիւնը ամբողջովին գործադրէ համաձայնութիւնը: Պէտք է հիւսիսի բնակիչներուն անվտանգութեան վրայ պնդենք, եւ վստահ ըլլանք, որ հիւսիսային բնակեցման վայրերուն անգամ մը եւս սպառնալիք երեւան պիտի չգայ, այլապէս 7 հոկտեմբեր 2023-էն ոչինչ սորված կ՛ըլլանք», նշեց Կանց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2025, 07:00