Որոնել

Damasco, il lento ritorno alla vita quotidiana

Սուրիացի ժողովուրդը իր տոկունութեամբ վաստակած է յուսախաբ չըլլալու իրաւունքը

Լրագրողուհի Լուչիա Գափուցցիի կողմէ պատրաստած նիւթը՝ ժողովուրդի մը կեանքի մասին, որ աւելի քան կէսդարեայ բռնապետութեան աւերակներու վրայ կ’ուզէ կառուցել ապագայ եւ երջանկութիւն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Avvenire» թերթի լրագրողուհի Լուչիա Գափուցցին Սուրիոյ հայող reportage պատրաստած է, որու մէջ կը նկարագրէ Երկիրի ներկայիս վիճակը՝ տարիներ շարունակ քաղաքացիական պատերազմէն եւ հակամարտութիւններէն ետք: Հեղինակը հատելով սուրիական սահմանը կը պատմէ փոփոխութեան մթնոլորտի մասին, վերստին իրենց ճակատագրին տիրացած ժողովուրդի մասին, որոնց կը հակադրէ Ասատի վարչակարգի վայրագութիւններու յիշողութիւնը՝ ինչպիսին են հազարաւոր մարդկանց անհետացումը եւ զանգուածային գերեզմանները: Ստորեւ reportage-ը՝ ամփոփ․

Սուրիացի ժողովուրդի վերականգնուած հաւաքական ոգեւորութիւնը

Ասատի վարչակարգի աւերակները ամէնուր տեսանելի են Պէյրութէն Դամասկոս չորս հարիւր քիլոմեթր ձգուող ճանապարհի երկայնքով։ Կործանուած կամ լքուած հրասայլեր, մեքենաներ, Հաֆէս եւ Պաշար ալ-Ասատի հսկայ պաստառներ։ Սակայն այդ ամէնը կարծես տխրութիւն չներշնչեր, ի տարբերութիւն շուրջ տասնչորս տարուայ քաղաքացիական պատերազմի, ընդհակառակը կ’արտացոլէ սուրիացի ժողովուրդի վերականգնուած հաւաքական ոգեւորութիւնը, որ կարող է կրկին վերահսկել  իր ճակատագիրը:

Ոչինչ ընդմիշտ  չէ

Al-abad՝ արաբերէն յաւերժ, ընդմիշտ․ 53 տարիներ շարունակ բռնապետութեան «ընդմիշտ Ասատ» սկզբունքը՝ ապստամբներու ընդամէնը տասնմէկ օրուայ երթի ընթացքին վերածուեցաւ  «Mafi li al-abad - ոչինչ ընդմիշտ  չէ» աղաղակի, եւ դարձաւ խորհրդանիշ տասնամեակներու ճնշումներու դէմ ապստամբող հասարակութեան համար: Անգամ փոքրամասնութիւնները, որոնք աւանդաբար կապուած են վարչակարգի հետ, չնայած որոշակի կասկածներու՝ յոյս կը յայտնեն աւելի լաւ ապագայի վերաբերեալ: Կարելի է թերեւս հաստատել, որ սուրիացի ժողովուրդն արդեն Ասատին դուրս մղած է սիրտէն եւ կը փորձէ նոր սկիզբ կառուցել՝ հիւսիսէն հարաւ տօնելով անոր յանկարծակի տապալումը։

Հայր Փաոլօ Տալլ'Օլիօ

Հայր Փաոլօ Տալլ'Օլիոն դիմադրութեան խորհրդանիշներէն է՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, որ անհետացած է 2013 թուականին Սուրիոյ մէջ ՝ ուր այցելած էր որոշ պատանդներու ազատ արձակման համար միջնորդելու համար։  Ան առաջիններէն էր, որ ամէն ինչ ըրաւ իսլամներու հետ երկխօսութեան կամուրջներ կառուցելու եւ քաղաքացիական պատերազմի արիւնահեղութենէն խուսափելու համար։ Սակայն անոր ձայնը անլսելի մնաց, քանի որ վարչակարգը «նախընտրեց պատասխանել բնակչութեան խաղաղ ցոյցերուն երկաթէ բռունցքով», կը նշէ Ժաք Մուրատը՝ Հայր Փաոլօ Տալլ'Օլիոյի առաջին համագործակիցը, որ ներկայիս Հոմսի եպիսկոպոսն է։

Զանգուածային գերեզմանները

Հոմսը կը համարուի «յեղափոխութեան մայրաքաղաք»՝ հաշուի առնելով, որ 2011ի բողոքի ցոյցերը այնտեղէն սկսած են։ 19 Ապրիլի 2011ի հարիւրաւոր ցուցարարներու կոտորածը շրջադարձային եղած է արաբական գարնան եւ քաղաքացիական պատերազմի միջեւ՝ առաջացնելով կէս միլիոն զոհեր, որոնցմէ  100,000ը բանտերու մէջ։ Մինչ, ըստ մարդասիրական կազմակերպութիւններու, աւելի քան 150,000 անձեր  անհետացած են (Միջազգային Կարմիր Խաչի պաշտօնական ցուցակով 35,000): Տեղահանուածներու եւ փախստականներու թիւը կը կազմէ տասներեք միլիոն մարդ։ Զանգուածային գերեզմանները՝ գաղտնի վայրերու մէջ, ուր թաղուած են հազարաւոր մարմիններ, կը վկայեն վարչակարգի դաժանութեան մասին։

Ազատութիւնը եւ յոյսը

Ազատութիւնը հիմնական բառն է նոր ժողովրդական ցոյցերու ատեն, սակայն Սուրիոյ ապագան կը մնայ անորոշ՝ ապստամբ ուժերու միջեւ առկայ լարուածութեամբ: Երկիրը ներկայիս ընկղմուած է աղքատութեան մէջ, պատերազմը եւ միջազգային պատժամիջոցները ոչնչացուցած են տնտեսութիւնը, որու պատճառաւ բնակչութեան 90 առ հարիւրը կ’ապրի ծանր պայմաններու մէջ: Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները չեն կարող միայնակ լուծել Երկրի վերակառուցումը, եւ միջազգային հանրութիւնը հնարաւորութիւն ունի դրականօրէն ազդելու ապագայի վրայ՝ ապահովելով, որ նոր առաջնորդները յարգեն մարդու իրաւունքները եւ խթանեն իրական բազմակարծութիւնը, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը կրկին յուսախաբ չըլլայ։ Ան իր տոկունութեամբ  վաստակած է այդ իրաւունքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2025, 08:30