Ուաշինկթընի մէջ ճամբորդատար օդանաւը բախած է զինուորական ուղղաթիռին. Կան զոհեր
Ուաշինկթընի «Ռանըլտ Ռեկըն» միջազգային օդակայան էջք կատարող ճամբորդատար օդանաւ մը բախեցաւ զինուորական «Պլեք Հոք» տիպի ուղղաթիռի մը եւ ինկաւ Փոթոմաք գետը:
Ամերիկեան բանակի բանբեր մը յայտնեց, որ ուղղաթիռը մարզական թռիչք կը կատարէր: Ուաշինկթընի քաղաքապետը ըսաւ, որ որոնման աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ կլիմայական դժուար պայմաններու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նշեց. «Ռեկըն» օդակայանի արկածին շուրջ անմիջական հետաքննութեան սկսանք»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կարելի էր խուսափիլ Ուաշինկթընի մէջ օդանաւի ջախջախման արկածէն»:
Ամերիկեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ արկածէն վերապրողներ չկան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ