Որոնել

Former Nagorno-Karabakh officials go on trial, in Baku

ԵՄ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ հետաքննելու Պաքուի մէջ պահուող հայերուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքի մասին մեղադրանքները

Ազրպէյճանը կալանքի մէջ պահուող հայերու համար պէտք է ապահովէ արդար դատաքննութեան իրաւունքը եւ բաւարար պայմաններ` համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններու

Ազրպէյճանը կալանքի մէջ պահուող հայերու համար պէտք է ապահովէ արդար դատաքննութեան իրաւունքը եւ բաւարար պայմաններ` համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն: Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան` այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բանբեր Անիթա Հիփեր:

Ան ընդգծած է, թէ շատ կարեւոր է, որ ենթադրեալ զինուորական յանցագործութիւնները եւ այլ իրաւախախտումները հետաքննուին թափանցիկ կերպով:

«Մենք տեղեակ ենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնն ու շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ մտահոգութիւններ յայտնած են մեղադրեալներու նկատմամբ վերաբերմունքի վերաբերեալ: Մենք այս մտահոգութիւնները շատ լուրջ կ՛ընդունինք եւ ուշադիր կը հետեւինք զարգացումներուն: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ եւ անաչառ կերպով հետաքննեն վատ վերաբերմունքի վերաբերեալ բոլոր մեղադրանքները, եւ եթէ անոնք հաստատուին, ապա պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն մեղաւորները:

«Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ընթացող դատավարութիւնները կ՛առնչուին շատ աւելի լայն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն ու տեւական խաղաղութեան հաստատման հարցին: Ուստի, մենք կը շարունակենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղել` յենելու արդէն իսկ ձեռք բերուած յաջողութիւններուն վրայ եւ շարունակելու յառաջընթացը յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու բանբեր Անիթա Հիփեր, եւ աւելցուցած, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ այս հոլովոյթին իր ամբողջ գործիքակազմով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2025, 07:16