Որոնել

Արխւային նկար, երկկողմ հանդիպում ԱՄՆ Ուքրանիա Արխւային նկար, երկկողմ հանդիպում ԱՄՆ Ուքրանիա  (AFP or licensors)

Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ սրտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Ռուպիօ հեռաձայնած է իր ուքրանացի պաշտօնակիցին եւ անոր փոխանցած, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վճռական է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու:

Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Մարքօ Ռուպիօ եւ Անտրէյ Սիպիկա ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ յառաջիկայ Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա հանդիպումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Ես կառուցողական զրոյց ունեցած եմ Մարքօ Ռուպիոյի հետ, մենք քննարկած ենք ուքրանական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու Սէուտական Արաբիոյ մէջ յառաջիկայ հանդիպումը», գրած է Սիպիկա:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Ռուպիօ հեռաձայնած է իր ուքրանացի պաշտօնակիցին եւ անոր փոխանցած, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վճռական է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու:

Ան նաեւ շեշտած է, որ բոլոր կողմերը պարտին որդեգրել քայլեր` երաշխաւորելու համար տեւական խաղաղութեան հաստատումը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 07:19