Որոնել

Միջազցային կարմիր խաչ Միջազցային կարմիր խաչ 

Ազրպէյճան Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին ծանուցած է կոմիտէի Ներկայացուցչութիւնը Փակելու Մտադրութեան Մասին

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մեզի տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութիւնը փակելու մտադրութեան մասին» ըսաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մասնագէտ

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մեզի տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութիւնը փակելու մտադրութեան մասին», այս մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան ըսած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու մասնագէտ Օրելի Լաշան:

Ան նշած է, որ ներկայիս իշխանութիւններուն հետ հաղորդակցութիւնները կը պահպանուին: «Ասիկա մեր գաղտնի եւ երկկողմանի երկխօսութեան մէկ մասն է», նշած է Լաշան:

Նշենք, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները պարբերաբար կ՛այցելեն Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 09:01