Որոնել

Պելճիքայի խորհրդարանը Պելճիքայի խորհրդարանը 

2 Ապրիլին Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանին մէջ լսումներ` Արցախի վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծի շուրջ

Բանաձեւի առաջարկուած նախագիծի առանցքային կէտերու շարքին են արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի հարցը, Ազրպէյճանի թշնամական հռետորաբանութիւնը, շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը, հայ գերիներու ազատումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու բազմաթիւ այլ հարցեր:

Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ 2 ապրիլին տեղի պիտի ունենան Արցախի վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծի շուրջ լսումներ:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` բանաձեւի նախագիծը ամիսներ առաջ առաջարկուած է դաշնակցային պատգամաւորներ Էլս Վան Հուֆի եւ Միշել տը Մայեկտի կողմէ:

Բանաձեւի նախագիծը ներկայացուցած պելճիքացի դաշնակցային երեսփոխան Էլս Վան Հուֆ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ շատ կարեւոր կը նկատէ այն փաստը, որ Պելճիքան աջակցի Հայաստանին` երկրի մը, որ կը կիսէ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ միջազգային օրէնքի նկատմամբ յարգանքի նոյն արժէքները:

«Ես խորապէս ցնցուած էի Լաչինի միջանցքի շրջափակումէն, Ազրպէյճանի հետագայ յարձակումէն ընդդէմ Արցախի ժողովուրդին եւ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակողական հռետորաբանութենէն` ընդդէմ Հայաստանի:

«Պելճիքան եւ Եւրոպան պէտք է ճնշում գործադրեն Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի անիկա լիովին յարգէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ անկեղծօրէն աշխատի կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ: Եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ խախտել միջազգային օրէնքը, անհրաժեշտ է, որ եւրոպական մակարդակի վրայ սահմանափակումներ կիրարկուին, եւ Եւրոպական Միութեան Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկուին: Ասիկա է բանաձեւիս կոչը», ըսած է Էլս Վան Հուֆ:

Միշել տէ Մայեկտ իր կարգին նշած է, որ անընդունելի է, որ հայ գերիները տակաւին անմարդկային պայմաններու մէջ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ: Դաշնակցային պատգամաւորը շեշտած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է գործէ:

«Մենք պէտք է մեր ձայնը բարձրացնենք: Մենք պէտք է կարելի բոլոր միջոցներով ուժեղացնենք Ազրպէյճանի վրայ ճնշումը: Այս հարցը այս շաբաթ կրկին քննարկած եմ արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչապետին հետ: Խնդիրը հրատապ է: Այս բանաձեւի առաջարկը ինքնին այս նպատակին կը ծառայէ: Անիկա կառավարութեան կը յորդորէ գործել եւ կիրարկել իր լծակները: Կը պահանջէ Ալիեւի վարչակազմին նկատմամբ պատժամիջոցներ: Ես պիտի մնամ լիովին ներգրաւուած, ինչպէս միշտ, եւ երբեք պիտի չհրաժարիմ այս պայքարէն», ըսած է ան:

Բանաձեւի առաջարկուած նախագիծի առանցքային կէտերու շարքին են արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի հարցը, Ազրպէյճանի թշնամական հռետորաբանութիւնը, շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը, հայ գերիներու ազատումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու բազմաթիւ այլ հարցեր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2025, 06:00