Միայն 2025 թուականի Յունուարին զինեալ խմաւորումներ Հայիթիի մայրքաքաղաքին մէջ ոչնչացուցին 47 դպրոց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2025 թուականին յունուարին զինուած խմբաւորումները ոչնչացուցին Պորթ օ Փրէնսի 47 դպրոց, նպաստելով 2024ին, աւերուած ընդհանուր 284 դպրոցներուն։ Այս մէկը հարիւր հազարաւոր երեխաները ձգեց առանց կրթութեան։ ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի գնահատումով Հայիթիի մէջ իւրաքանչիւր եօթը երեխաներէն մէկը դպրոցէ զուրկ է։ Բռնութիւնն ու աճող աղքատութիւնը բարձրացուց դպրոց ձգելու վտանգը, մինչդեռ զինուած խմբաւորումներու կողմէ երեխաները հաւաքագրելը աճած է 70%-ով, որոնց զգալի մասը անչափահասներ են։
Չնայած դժուարութիւններուն, հայիթի մէջ կրթութիւնը բարձր գնահատուած է եւ ընաիքները մեծապէս ներումներ կը կատարեն։ ԻՒՆԻՍԵՍՖ-ը ամէն ջանք կը թափէ՝ կրթական միջոցառումներ նախաձեռնելով վերակառուցելով վնաուած դպրոցները, ստեղծելով դպրոցական ժամանակաւոր վայրեր։ Արդարեւ այդ միջամտութիւնները ֆինանսաւորելը կը կազմէ անհրաժեշտին միայն 5 առ հարիւրը եւ ԻՒՆԻՍԵՖը կը պահանջէ 38 միլիոն տոլար, 600000 երեխաներու կրթութիւն տրամադրելու համար։ Ֆոնտերուն բացակայութիւնը քան թէ բռնութիւնը հիմնական խոչընդոտ է Հայիթի երեխաներուն կրթութիւնը ապահովուելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ