700-է աւելի ամերիկացի դիւանագէտներ «Եու. Էս. Էյտ»-ի ջնջման դէմ բողոքի նամակ յղած են Ռուպիոյին
Հարիւրաւոր ամերիկացի դիւանագէտներ նամակ յղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին` բողոքելով Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան` «Եու.Էս.Էյտ»-ի ջնջման դէմ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ դիւանագէտները նամակին մէջ նշած են. «Գործակալութեան բացակայութիւնը կ՛ականահարէ մեր ղեկավարութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ կը ստեղծէ բաց մը, որ Չինաստանն ու Ռուսիան պիտի լեցնեն: Օժանդակութիւնները սառեցնելու եւ անոնց վերջ տալու որոշումը կ՛ականահարէ գլխաւոր դաշնակիցներուն հետ մեր գործընկերութիւնը»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է. «Աւելի քան 700 դիւանագէտներ ստորագրեցին Միջազգային զարգացման գործակալութեան լուծարման վերաբերեալ Ռուպիոյին յղուած նամակը»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ