Որոնել

Members of Syrian security forces man a checkpoint at the entrance of Latakia

Լաթաքիոյ հայ համայնքին իրավիճակը

Դպրոցները ցարդ կը մնան փակ: Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուարութիւններ, որովհետեւ գործատեղիները չեն բանիր: Ջուրի տագնապը կը շարունակուի:

Լաթաքիոյ մէջ «Գանձասար»-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ Քաղաքի կեդրոնական մասին վիճակը երէկ կայուն էր, բախումներ չկային, սակայն բնակչութիւնը բնակարաններէն դուրս չի գար, կրակոցներու ձայներ մերթ ընդ մերթ կը լսուին: Կացութիւնը, ընդհանուր առմամբ, տակաւին մտահոգիչ է: Անցնող օրերու արիւնալի դէպքերը, խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը վախի ու անապահովութեան մթնոլորտ ստեղծած են:

Ապահովական ուժեր տարածուած են քաղաքի կեդրոնական թաղամասերը, կը խուզարկեն անցնող մեքենաներն ու անցորդները, կանխելու նախատեսուող վտանգներ:

Դպրոցները ցարդ կը մնան փակ: Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուարութիւններ, որովհետեւ գործատեղիները չեն բանիր: Ջուրի տագնապը կը շարունակուի: Քաղաքին մէջ ջուրի բաշխման աշխատանքներ կը տարուին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2025, 08:27