Որոնել

Ափրիկէի սրտին վրայ հայկական պատմութեան պզտիկ հատուած մը Ափրիկէի սրտին վրայ հայկական պատմութեան պզտիկ հատուած մը  

Ափրիկէի սրտին վրայ հայկական պատմութեան պզտիկ հատուած մը գոյութիւն ունի

Սուրբ Յարութեան Հայկական մատուռ Ափրիկէի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ափրիկէի սրտին վրայ հայկական պատմութեան պզտիկ հատուած մը գոյութիւն ունի: Սա, Սուրբ Յարութեան Հայկական մատուռն է, որ կը գտնուի «Արաքս» գետի ափին, Էսուաթինի (Սուազիլանտ) մէջ: Ան կառուցուած է 1989-ին Սուազիլանտի քաղաքացի Գրիգոր Տէրպէլեանի կողմէ, որ ծնած էր 1914-ին Այնթապի մէջ եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին հետ փախած էր Գահիրէ: Տէրպէլեան հողատարածք մը գնած էր Փայն Վելի (Pine Valley) կոչուող շրջանին մէջ, ուր որոշած էր հայկական մատուռ մը կառուցել: Մօտակայքէն հոսող պզտիկ գետը Տէրպէլեան անուանած էր Արաքս: Մատուռը դարձած էր պաշտամունքի վայր Սուազիլանտի փոքր հայկական համայնքին համար:

2016 Յունուարին, Սուազիլանտի Մսվաթի Գ. թագաւորը պաշտօնապէս Սուրբ Յարութեան Հայկական մատուռը փոխանցեց Էջմիածնի կաթողիկոսութեան:

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2025, 10:30