Որոնել

2019.03.28 Parlamento Europeo, bandiere, Europarlamento, Paesi europei

Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխանները Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած նիստին դատապարտեցին Արցախէն հայերու բռնի տեղահանումը

Եւրոպացի երեսփոխանները խստիւ քննադատած են նաեւ Եւրոպական Միութեան շարունակուող համագործակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ` յատկապէս կազային մատակարարումներու եւ Պաքուի հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի պահպանման պարունակին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը 3 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած նիստ գումարած է` միաժամանակ լրջագոյն ուշադրութիւն դարձնելով արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կայքը:

Եւրոպացի բազմաթիւ երեսփոխաններ յստակ զուգահեռներ գծած են պատմական ողբերգութեան եւ վերջին տարիներու իրադարձութիւններու միջեւ` ընդգծելով Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի` պատմական պատասխանատուութիւն չկրելու վտանգաւոր հետեւանքները:

«Ճանաչումն ու հաշտեցումը քաջութիւն կը պահանջեն անցեալը դիմակայելու եւ ապագան պատմական ճշմարտութեան վրայ կառուցելու համար: Սա յատկապէս կարեւոր է այսօր, երբ հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքել Լեռնային Ղարաբաղը` Ազրպէյճանի վայրագութիւններուն հետեւանքով», նշած է Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութենէն Միրիամ Լեքսման:

«Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինք» խմբակցութենէն Եանիս Մանիաթիս յիշած է իր ընտանիքի ողբերգական փորձը Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

«Յիշողութեան եւ ճանաչման բացակայութիւնը կը յանգեցնէ անցեալի կրկնութեան: Լեռնային Ղարաբաղի դէպքերն այսօրուան ցաւալի յիշեցումն են», ընդգծած է ան:

Այլ պատգամաւոր մը` Նիքոլաս Պէյ, քննադատած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը` նշելով, որ արդէն 110 տարի Թուրքիան կը փորձէ բռնակցել հայկական հողերը: Ան նաեւ կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան զօրացնելու ճնշումը Թուրքիոյ նկատմամբ,  որպէսզի վերջինս ճանչնայ իր անցեալի յանցագործութիւնները:

«Կանաչներու» ներկայացուցիչ Մարքեթա Կրեկորովա արձանագրած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար շարունակել աչք փակել այն ժամանակ, երբ այդ իրեն յարմար է: «Եկէք աջակցինք Հայաստանին` շրջանին մէջ վերջին ժողովրդավարութեան», աւելցուցած է ան:

Եւրոպացի երեսփոխանները խստիւ քննադատած են նաեւ Եւրոպական Միութեան շարունակուող համագործակցութիւնը Ազրպէյճանի հետ` յատկապէս կազային մատակարարումներու եւ Պաքուի հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի պահպանման պարունակին մէջ:

«Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք չէ հանդուրժուի: Այդ ուղղակիօրէն կապ ունի մեր օրերու անարդարութիւններուն եւ բռնութիւններուն հետ», նշած է Մարի Թուսենը` ընդգծելով, որ պատմութիւնը կը կրկնուի` այս անգամ այլ եղանակներով, սակայն նոյն անպատժելիութեամբ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը շնորհակալութիւն յայտնած է եւրոպացի այն երեսփոխաններուն, որոնք յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ միաժամանակ բարձրացուցած են Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Նիստի ընթացքին եւրոպացի օրէնսդիրները վերահաստատած են, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումները անթոյլատրելի են, եւ կոչ ուղղած են Եւրոպական Միութեան որդեգրելու սկզբունքային արտաքին քաղաքականութիւն, որ մարդու իրաւունքներն ու միջազգային իրաւունքը վեր կը դասէ տնտեսական շահերէն:

Աղբիւր` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2025, 08:00