Որոնել

Հնդկաստան – Փաքիստան Փոխադարձ Հարուածներ Հնդկաստան – Փաքիստան Փոխադարձ Հարուածներ  (AFP or licensors)

Հնդկաստան – Փաքիստան Փոխադարձ Հարուածներ

Պաշտօնատարներ նշեցին, որ յարձակումին թիրախները եղած են նշեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Փաքիստանի Փունճապ նահանգին մէջ գտնուող մարզումի ճամբարները:

Հնդկաստան յայտնեց, որ Փաքիստանի մէջ Լաշքար-է-Թայիպա եւ Ժէյշ Մոհամետ խմբաւորումներու «ահաբեկչական ենթակառոյցի»-ի վայրերը հարուածած է, երբ Փաքիստան քայլերու չէ ձեռնարկած, երբ իր տարածքին մէջ գտնուող խմբաւորումներ անցեալ ամիս Քաշմիրի Հնդկաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող բաժինին մէջ զբօսաշրջիկներ ջարդած են:

Պաշտօնատարներ նշեցին, որ յարձակումին թիրախները եղած են նշեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Փաքիստանի Փունճապ նահանգին մէջ գտնուող մարզումի ճամբարները:

Հնդկաստանի բանակի բանբեր գնդ. Սոֆիա Քուրեշի յայտնեց, որ հնդկական բանակը շղթայազերծած է «Սինտուր գործողութիւն»-ը, որ տեւած է 25 վայրկեան` առաւօտեան ժամը 1:05-էն 1:30: Ընդհանուր առմամբ հարուածուած են 9 դիրքեր: Քուրեշի ընդգծեց, որ յարձակումի ընթացքին փաքիստանեան որեւէ դիրք չէ թիրախաւորուած:

Փաքիստանի զինեալ ուժերէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Հնդկաստանի օդային հարուածներուն հետեւանքով արձանագրուած է 26 զոհ եւ 46 վիրաւոր:

Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սիքրամ Միսրի Փաքիստանը այպանեց ապրիլին Քաշմիրի հնդկական հատուածին մէջ քաղաքայիններու դէմ յարձակումին համար` Իսլամապատը մեղադրելով վիճելի շրջանին մէջ «ահաբեկչութեան» աջակցելու յանցանքով:

Փաքիստանեան բանակը հակադարձեց ռմբակոծելով Քաշմիրի հնդկական հատուածին մէջ դիրքեր` հակադարձելով Հնդկաստանի օդային յարձակումներուն: Հնդկաստան յայտարարեց, որ Փաքիստան այդպիսով խախտած է զինադադարի համաձայնութիւնը:

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` Հնդկաստանի օդուժի հինգ օդանաւ ոչնչացուած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 09:17