Կարմիր Խաչը վերջին երկու ամիսներուն Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն հետ հանդիպում չէ ունեցած
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) վերջին անգամ Մարտ 2025ին տեսակցած էր Պաքուի մէջ բանտարկուած մնացող հայ գերիներուն հետ, «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ԿԽՄԿի Հայաստանի գրասենեակի հանրային կապերու ղեկավար Զառա Ամատունի:
«Մեր կազմակերպութիւնը իշխանութիւնների հետ բանակցում է, որպէսզի որոշակի հարցերում ունենայ շարունակական ներկայութիւն եւ աջակցութիւն: Թէ ինչ ձեւաչափով է այն իրականացուելու, չեմ կարող ասել, իսկ այն ձեւաչափը, որով հնարաւոր էր այցելել հայ գերիներին, վերջին անգամ իրականացուել է Մարտ ամսին», ըսաւ Ամատունի:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 2025ին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ պիտի չերկարաձգեն երկրին մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան առաքելութիւնը՝ նշելով, որ այլեւս միջազգային կառոյցին կարիքը չկայ:
Այս որոշումը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուց թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ միջազգային շարք մը շրջանակներու մէջ, որովհետեւ Կարմիր խաչը կարեւոր դերակատարութիւն ունի պատերազմական գերիներու եւ պահուող անձերու վիճակին դիտարկման եւ աջակցութեան մէջ։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ