Որոնել

Iran, 'lanciata una nuova ondata di missili su Israele'

Իրանի եւ Իսրայէլի փոխադարձ հարուածները 8-րդ օրն ըլլալով շարունակուցան

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու տագնապին միջամտութեան կարելիութեան, ան ըսաւ. «Մենք կը յարգենք նախագահ Տանըլտ Թրամփը, եւ կը կարծենք, որ ան ունի իմաստութիւնը, կարողութիւնը եւ կացութեան յստակ հասկացողութիւնը: Իմ կարծիքով` ասիկա հազուադէպ առիթ է վերացնելու սպառնալիք մը, որ աշխարհի հորիզոնին վրայ երեւիլ շարունակեց»:

Երէկ առաւօտեան Իրանէն արձակուած հրթիռ մը ինկաւ Պիր Սապաայի մէջ` պատճառելով 37 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը ընդունեց, որ հրթիռը առանց խոչընդոտի հասած է իր թիրախին, եւ դէպքին շուրջ քննութեան ձեռնարկեց:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, մէջբերելով Պիր Սապաայի քաղաքապետութիւնը, հաղորդեց, որ իրանեան հրթիռը ուղղակի կերպով հարուածած է քաղաքին մէջ շէնք մը:

Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հրթիռը հարուածած է Կաֆ Եամ Նեկեւ ճարտարագիտական կեդրոնը, ուր կը գտնուին զինուորական եւ համացանցային աշխուժ հաստատութիւններ:

Զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Թեհրանի մէջ ահաբեկման գործողութեան մը ընթացքին թիրախաւորած է հիւլէական գիտնական մը:

Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի նահանգապետ Պահրամ Սարմասթ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակում մը նահանգին մէջ թիրախաւորած է երկու շրջաններ, որոնցմէ մէկը Թաւրիզի օդակայանն է:

«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հաղորդեց, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող բոլոր կառոյցները ուժեղ կերպով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, հակառակ զինուորական գործարանները թիրախաւորող յարձակումներուն:

Նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ զինեալ ուժերուն մատակարարած է տարիներ շարունակ կռուելու համար անհրաժեշտ բոլոր կարիքները:

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան նշեց. «Պատերազմին վերջ տալու միակ ուղին յարձակումին առանց նախապայմանի դադրեցումը եւ սիոնական արկածախնդրութիւններուն վերջ տալու երաշխիքներու տրամադրումն է»:

«Թշնամիին մեր հակադարձութիւնները պիտի դառնան աւելի խիստ եւ զայն պիտի մղեն իր արարքներուն համար զղջալու», շեշտեց Փեզեշքիան:

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յայտնեց, թէ Իսրայէլ ուղղակի կերպով չի թիրախաւորեր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին, սակայն անոր հեռացումը, ի վերջոյ, իրանցի ժողովուրդի շահերէն կը բխի:

«Խամենէին մեզի համար վերջնական թիրախ չէ, եւ վարչակարգը փոխելու նպատակ չունինք, սակայն ատիկա իրանցի ժողովուրդին համար կրնայ դրական ազդեցութիւն ունեցող պատմական մեծ անուղղակի արդիւնք ըլլալ», նշեց Հերցոկ:

Իսրայէլի նախագահը ըսաւ, որ Թեհրանի մէջ վարչակարգի փոփոխութեան կարելիութիւն կը տեսնէ, սակայն շեշտեց, որ իր երկրին հիմնական նպատակը Իրանի հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրներուն վերջ տալն է:

«Մենք գործ ունինք իրանեան հիւլէական ծրագիրին հետ, եւ ան ընգղայի նմանող վայրագ գոյացութիւն մըն է, որ շարք մը տարրերէ կը բաղկանայ, եւ պէտք է ճշգրտութեամբ քայքայել ու վնասազերծել անոնց կարողութիւնները», նշեց Հերցոկ:

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու տագնապին միջամտութեան կարելիութեան, ան ըսաւ. «Մենք կը յարգենք նախագահ Տանըլտ Թրամփը, եւ կը կարծենք, որ ան ունի իմաստութիւնը, կարողութիւնը եւ կացութեան յստակ հասկացողութիւնը: Իմ կարծիքով` ասիկա հազուադէպ առիթ է վերացնելու սպառնալիք մը, որ աշխարհի հորիզոնին վրայ երեւիլ շարունակեց»:

Հերցոկ յայտնեց, որ Իսրայէլ տակաւին դիւանագիտութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած է. «Դիւանագիտութիւնը կրնայ միշտ լուծումին մաս ըլլայ: Երբեք ոչ չենք ըսած»:

«Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, եւ փաստեցինք, թէ գիտենք ինչպէս վարուիլ», յայտարարեց Իսրայէլի նախագահը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Երէկ տեղի ունեցաւ ամերիկեան-իսրայէլեան առցանց ժողով մը, որուն մասնակցեցան վարչապետ Նեթանիահուն, պաշտպանութեան նախարար Քացը, փոխնախագահ Վանսը եւ պաշտպանութեան նախարար Հեկսեթը»:

Իրանէն արձակուած հրթիռներ երէկ կէսօրէ ետք ինկան Հայֆայի, Ղոշ Տանի եւ Երուսաղէմի մէջ: Հայֆայի մէջ տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հրթիռը ինկած է ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մօտ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր պաշտօնական կայքին վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Սիոնական թշնամին իր պատիժը կը կրէ, հիմա իր պատիժը կը կրէ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեցին, թէ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Պուշահր հիւլէական կայանին վրայ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2025, 07:28