Իրան պիտի չմասնակցի կիրակի օր Մասքաթի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն
Իրանի տարբեր շրջաններուն իսրայէլեան օդային յարձակումներէն ետք «Իրան պիտի չմասնակցի կիրակի օր Օմանի մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի հիւլէական բանակցութիւններուն»:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը Իրանի տարբեր շրջաններուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներէն ետք յայտարարեց. «Իրան պիտի չմասնակցի կիրակի օր Օմանի մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի հիւլէական բանակցութիւններուն»:
Նախքան այդ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը յուսան կիրակի օր Մասքաթի մէջ Իրանի հետ անոր հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ կատարել:
«Տակաւին մտադիր ենք կիրակի օր բանակցութիւններ կատարել», նշած է պաշտօնատարը:
Աղբիւրը՝ Ազզդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
14/06/2025, 08:51