Որոնել

A view shows fences on the border between Armenia and Iran in the Syunik Province

Կացութիւնը՝ հայ-իրանական սահմանին

Մեղրիի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան մը պատասխանատու Աշոտ Արամեան կը հաղորդէ, թէ այցելուներուն մեծ մասը Չինաստանի, Հնդկաստանի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի քաղաքացիներ են, որոնք օդային տարածքի սահմանափակումներուն պատճառով ցամաքի ճամբով կը հեռանան Իրանէն։ Անոնց կարգին կան նաեւ դեսպանութիւններու աշխատակիցներ

Վերջին օրերուն Մեղրիի մէջ Հայաստան անցնողներուն թիւը կտրուկ յաւելում արձանագրած է՝ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող ռազմական գործողութիւններու պատճառով։

Մեղրիի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան մը պատասխանատու Աշոտ Արամեան կը հաղորդէ, թէ այցելուներուն մեծ մասը Չինաստանի, Հնդկաստանի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի քաղաքացիներ են, որոնք օդային տարածքի սահմանափակումներուն պատճառով ցամաքի ճամբով կը հեռանան Իրանէն։ Անոնց կարգին կան նաեւ դեսպանութիւններու աշխատակիցներ։

“Պանդոկներուն մէջ ազատ տեղ գրեթէ չկայ։ Ճիշդ է, որ հոսքը մեծ է, սակայն այցելուները սովորաբար միայն մէկ գիշեր կը մնան, ինչ որ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ սպասարկել բոլորին”,– կ՚ըսէ Արամեան։

“Սակակառքով (taxi) Մեղրիէն Երեւան փոխադրութեան արժէքը հասած է 200-250 տոլարի։ Թէեւ սուղ կը թուի, բայց պայմանաւորուած է ուղեւորներու մեծ թիւով, ծանր բեռներով եւ ոչ-բարեկարգ ճամբաներով”,– շարունակած է ան, աւելցնելով թէ մաքսակէտին կուտակում չկայ եւ աշխատակիցները գործը կը կազմակերպեն արագ ու արդիւնաւէտ։

Աղբիւրը` Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2025, 07:12