Պքերքէ այցելելէ ետք. Պարրաք. «Եթէ կայունութիւն չհաստատէք, ոչ ոք փրկելու պիտի գայ»
Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք Պքերքէի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Այն, ինչ որ կ՛ընենք, շարունակուող հոլովոյթ է եւ ոչ թէ իրադարձութիւն: Բոլորը իրենց կարգին կ՛ընեն, եւ անկասկած հարցը բարդ է: Կը յուսամ, որ երկխօսութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ բոլորը կը սիրեն լիբանանցիները»:
«Եթէ կայունութիւն չհաստատէք, ոչ ոք փրկելու պիտի գայ», զգուշացուց Պարրաք:
Ան ըսաւ, որ Լիբանան պիտի վերադառնայ` նշելով. «Խորհրդարանի նախագահը իր կարելին կ՛ընէ, հակառակ հարցի բարդութեան»:
«Այցելութիւնը յոյս բերաւ, եւ ատոր վրայ պէտք է կեդրոնանալ, փոխանակ կեդրոնանալու այն բանին վրայ, թէ կողմերուն ի՛նչ կ՛ըսեմ», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:
«Ռայի պատրիարքին մօտ եկայ, որպէսզի զիս խրատէ», յայտնեց Պարրաք:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ