Որոնել

2023.12.19   Harboyan school

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտականներու Հանդէս Հունձք` 2025

Աւարտին վարժարանի հոգեւոր հովիւ հայր Լեւոն իր օրհնանքի խօսքը արտասանեց` յորդորելով աւարտականներուն իրենց ուսումը շարունակելու, քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով առաջնորդուելու իրենց կեանքին մէջ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

27 մայիս 2025-ին  Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտականներու հանդէսը:

Երաժշտութեան եւ ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ, սրահ մուտք գործեցին 30 աւարտականներ, ապա հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի քայլերգները: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով աւարտականներու եւ տնօրէնութեան անունով, բարի գալուստի խօսք արտասանեցին Քրիսթել Մաքասճեան եւ Քրիսթել Նահապետեան, անմիջապէս յետոյ Քրիսթել Կիւլիւզեան «Ծաղկեփունջ» մենապարով ելոյթ ունեցաւ: Հայերէն ուղերձով` Մէրի Զիննէթեան, արաբերէն ուղերձով` Ռիթա Կէօզիւպէօյուքեան եւ անգլերէն ուղերձով` Սերժ Հայրանեան արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը: Սթիւ Տեմիրճեան արաբերէն ասմունքով տաղանդաւոր ներկայացում կատարեց: Ճոխ էր արուեստի բաժինը` իր խմբային արաբերէն ու հայերէն պարերով, յատկապէս բարձր արուեստի կատարողութիւն ունեցան դաշնամուրի վրայ` Կրեկ Սըվաճեան եւ Արտա Մըթրըպեան, փողի վրայ` Նարեկ Ալիեմէզեան,  իսկ երգեցողութեամբ` Մելիսսա Մահրուք (նուագի ընկերակցութեամբ` վարժարանիս տաղանդաւոր ուսուցիչ  Րաֆֆի Տէր Առաքելեանի):

Ցուցադրուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած տեսերիզը, որ համառօտ կերպով կը ներկայացնէր իրենց 15 տարուան կեանքը վարժարանին մէջ:

Այս տարուան հանդէսին յատկանշական էր աւարտականներէն Ալիք Չափարեանի բեմին վրայ գծելու եւ ներկայացնելու ինքնատիպ կատարումը, որ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը:

Յայտագրին մէջ, ինչպէս միշտ, յատուկ բաժին ունէին մայրերը, Ծիլա Դանիէլեան եւ Սերժօ Խաչատուրեան մայրերուն սրտի խօսք մը ուղղելէ ետք, բոլորը բեմէն իջան պատուելու իրենց մայրերը` վարդեր նուիրելով անոնց:

Աւարտականներ Սէրլի Քէսմէեան եւ Անդրանիկ Տէր Եղիայեան դպրոցին վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Անժելինա Գաճոյեանի եւ Էմմանուէլ Ազատեանի, շարունակելու համար վարժարանի գոյերթը, որմէ ետք Փերլա Աւետիսեան հրաւիրեց վարժարանի մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանը արտասանելու իր սրտին խօսքը:

Արամ Գարատաղլեան երկլեզու խօսք արտասանեց. հայերէնով պատուեց հայ դպրոցը` իբրեւ ազգապահպանման ամրոց, պատուեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը` յանձին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքի` իբրեւ վարժարանի յենասիւնի, պատուեց վարդապետներն ու ուսուցիչները` իբրեւ լոյսի փարոսներ եւ անխոնջ ուղեկիցներ, պատուեց ծնողները` իբրեւ նուիրեալ անձեր, եւ վերջապէս պատուեց աշակերտները` իբրեւ ապագայի կերտիչներ: Արաբերէնով անդրադարձաւ վարժարանի գործունէութեան մասին, յատկապէս` յատուկ պարագաներու բաժանմունքին մէջ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ունեցած դերին եւ տածած նուիրումին: Անդրադարձաւ նաեւ արդի արհեստական բանականութեան զարգացման, եւ անոր ուսուցիչներուն եւ դպրոցին անփոխարինելի դերին` մարդկային արժէքներու պահպանման եւ հոգեւոր զարգացման մէջ, շեշտելով կրթութեան մնայուն կարեւորութիւնը արագ փոփոխութիւններու ենթարկուող այս աշխարհին մէջ:

Ա. Գարատաղլեան բեմ հրաւիրեց հայր Եուսէֆն ու հայր Լեւոնը, եւ վկայականաց բաշխումով պաշտօնապէս աւարտեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի հունձքին 30 աշակերտ-աշակերտուհիներուն կրթական ճանապարհորդութիւնը մեր դպրոցէն ներս: Վկայականաց բաշխումէն ետք ուսուցման մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած երկու աշակերտներ` Սերժ Հայրանեան եւ Քրիսթել Նահապետեան, ստացան յատուկ վկայագիրներ:

Աւարտին վարժարանի հոգեւոր հովիւ հայր Լեւոն իր օրհնանքի խօսքը արտասանեց` յորդորելով աւարտականներուն իրենց ուսումը շարունակելու, քրիստոնէական ու հայկական արժէքներով առաջնորդուելու իրենց կեանքին մէջ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

Վկայական ստացան` ընդհանուր գիտութիւններու բաժանմունքէն` Անդրանիկ Տէր Եղիայեան, Սերժիօ Հայրանեան, Սեւակ Փելթեքեան: Կենսաբանական գիտութիւններու բաժանմունքէն` Կարէն

Ապուսէֆեան, Քրիսթել Մաքասճեան, Արտա Մըթրըպեան, Քրիսթել Նահապետեան, Ծիլա Դանիէլեան: Ընկերատնտեսական գիտութիւններու բաժանմունքէն` Նարեկ Ալեմէզեան, Ստեփան  Տեմիրճեան, Ռիթա   Կէօզիւպէօյիւքեան, Սէրլի Քէսմէեան, Մելիսա  Մահրուք, Սէրակ Ռըզեան, Անթոնի  Շուֆանի, Ալիք Չափարեան եւ Մէյրի Զիննեթեան: Օտար ծրագիրներ` Կրեկ Սըվաճեան, Միհրան Ամպարճեան, Փերլա Աւետիսեան, Անթոնի Պոխչալեան, Սերկօ Խաչատուրեան:

BT3 հաշուապահութեան եւ համակարգիչի` Քրիսթել Կիւլիւզեան, Տէյվիտ Խաչատուրիան, Գէորգ Գրիգորեան, Սերժիօ Քիւրքճեան, Կերի-Մայքըլ Ռիշա, Մարտիկ Տանիէլ, Սերժիօ Թութիքեան: Յատուկ ուսուցման ծրագիր` Նարեկ Սամանլեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2025, 07:50