Որոնել

CYPRUS-FIRE

Կիպրոսի մէջ անտառային հսկայական հրդեհ

Կիպրոսի մէջ չորեքշաբթի օր ջերմաստիճանը բարձրացած էր 43 աստիճանի:

Կիպրոսի հարաւը երկու զոհ արձանագրուեցաւ, հարիւրաւոր բնակիչներ հեռացուեցան եւ բնակարաններ հրկիզուեցան անտառային հսկայական հրդեհի պատճառով:

Հրդեհը Լիմասոլ քաղաքի հիւսիսը գտնուող գինիի արտադրութեան շրջանին մէջ աւելի քան 100 քառակուսի քիլոմեթր տարածք քանդեց:

Կիպրական ոստիկանութեան համաձայն, երկու զոհերը յայտնաբերուեցան բոցերով շրջապատուած իրենց ինքնաշարժին մէջ, եւ վիրաւորուած են առնուազն 10 անձեր, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է:

Կիպրական իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ տակաւին կանուխ է վնասներու ճշգրիտ գնահատումը կամ հրդեհի ծագման պատճառը իմանալու համար:

Հրշէջներու բանբեր Անտրէաս Քիթիս յայտնեց. «Կը խօսինք զօրաւոր հովի եւ անոր ուղղութեան շարունակ փոփոխութեան մասին»:

Կիպրոսի մէջ չորեքշաբթի օր ջերմաստիճանը բարձրացած էր 43 աստիճանի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2025, 07:49