Որոնել

Ռաֆայէլ Պետորս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը,  Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամ Ռաֆայէլ Պետորս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամ 

Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի «Լիբանանը կեդրոն ինքնութեան եւ շրջանի կերպարանափոխութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն

Ղ. Սալամէ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոխակերպումներուն լոյսին տակ յառաջացած մարտահրաւէրները: Ան վերլուծեց տարածաշրջանային մեծ ուժերուն միջեւ ծաւալած մրցակցութիւնը` թէ՛ ռազմական գերիշխանութեան, թէ՛ աւելի քաղաքական մակարդակի վրայ թափանցող տիրակալութեան միջոցով:

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ յատուկ դասախօսութիւն մը տուաւ 26 յունիս 2025-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` «Լիբանանը` ինքնութիւն եւ շրջանային կերպարանափոխութիւն» խորագիրով: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ կողմէ 2025-2026 տարուան ընթացքին կազմակերպուած գործունէութիւններուն, որոնք կը կրեն «Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» բնաբանը:

Ղ. Սալամէ լուսարձակի տակ առաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոխակերպումներուն լոյսին տակ յառաջացած մարտահրաւէրները: Ան վերլուծեց տարածաշրջանային մեծ ուժերուն միջեւ ծաւալած մրցակցութիւնը` թէ՛ ռազմական գերիշխանութեան, թէ՛ աւելի քաղաքական մակարդակի վրայ թափանցող տիրակալութեան միջոցով:

Նախարարը ապա անդրադարձաւ ինքնութեան նուրբ հարցին` իբրեւ ձեռք բերուած, սակայն անփոփոխելի չեղող գիծի մը: Թէեւ 20-րդ դարուն կրօնական գաղափարախօսութիւնները գերակշռեցին, բայց եւ այնպէս, ժամանակի ընթացքին անոնք իրենց տեղը զիջեցան նոր ուղենշանի մը` ինքնութեան, որ կրնայ աւելի ջերմեռանդ կերպով շարժման մէջ դնել ժողովուրդներ, քան` գաղափարախօսութիւնը: Ղ. Սալամէ շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անհատ ազատ է վերադասաւորելու իր ինքնութիւնը` վերարժեւորելով իր բաղադրիչները, ինչպիսիք են կրօնը կամ ծագումը: Լիբանանի պարագային, համայնքային պատկանելիութիւնը կրնայ ապահովութիւն տալ, բայց նաեւ` թակարդի վերածուիլ ու փակել մարդը, եթէ ան բաց չէ երկրի միւս համայնքներէն եկող հարստութեան, դիտել տուաւ ան:

Դասախօսութեան աւարտին նախարար Սալամէն կոչ ուղղեց համաժողովրդական մտածումի մը` հայրենասիրական գիծի շուրջ, որ կրնայ փրկարար դեր ունենալ Լիբանանի բարդ պայմաններուն մէջ:

Դասախօսութեան աւարտին մասնակիցները իրենց հարցումները ուղղեցին նախարարին ու ունեցան երկխօսութեան կարելիութիւն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2025, 08:00