Որոնել

Pacific nations ease tsunami fears after massive quake off Russia

Քամչաթքայի մօտ 8,7 Ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ

Անոր յաջորդած են 2-5 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ աւելի քան 30 յետցնցումներ: Կը նշուի, որ ուժեղ յետցնցումները պիտի շարունակուին առնուազն մէկ ամիս:

Քամչաթքայի ափերուն մօտ տեղի ունեցած է 8,7 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որ 1952-էն ի վեր ամէնէն ուժեղն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»:

Քուրիլեան բոլոր կղզիներուն, Միացեալ Նահանգներու Հաուայ եւ Ալասքա նահանգներու, Ճափոնի եւ Չինաստանի համար յայտարարուած է ծովաշարժի սպառնալիք:

Ծովաշարժ արձանագրուեցաւ Հաուայի եւ Քուրիլեան կղզիներուն մէջ:

Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Փեթրոփաւլովսք-Քամչաթսքիէն 150 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք եւ Հիւսիս-Քուրիլսքէն 360,9 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք:

Անոր յաջորդած են 2-5 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ աւելի քան 30 յետցնցումներ: Կը նշուի, որ ուժեղ յետցնցումները պիտի շարունակուին առնուազն մէկ ամիս:

Արձանագրուած են վիրաւորներ: Փուլ եկած են քանի մը հաստատութիւններ:

«Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, Ռուսիոյ արեւելեան ծովափին մօտ տեղի ունեցած երկրաշարժը 2011-էն ի վեր աշխարհի տարածքին ամէնէն ուժեղն է:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2025, 07:43