Որոնել

LEBANON-CULTURE-MUSIC-THEATRE-FUNERAL-RAHBANI

Զիատ Ռահպանի մահուան ի լուր Բագրատունիի գրառումը

Ան ծնած էր 1 յունուար 1956-ին, Անթիլիասի մէջ, եւ անդամ եղած է ականաւոր արուեստագէտ ընտանիքի: Անոր հայրը երգահան Ասի Ռահպանին է, իսկ մայրը` աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի լիբանանցի հռչակաւոր արուեստագէտ Զիատ Ռահպանիի մահուան առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Հսկաները չեն մահանար, այլ անոնց հոգիները մեր մէջ կ՛ապրին:

«Դիմադրող ու հայրենասէր հոգիդ յաւիտեանս կենդանի պիտի մնայ Լիբանանի փողոցներուն մէջ»:

Արդարեւ Լիբանանցի հռչակաւոր արուեստագէտ Զիատ Ռահպանի անցեալ շաբաթ օր` 26 Յուլիսին մահացաւ 69 տարեկանին:

Ան ծնած էր 1 յունուար 1956-ին, Անթիլիասի մէջ, եւ անդամ եղած է ականաւոր արուեստագէտ ընտանիքի: Անոր հայրը երգահան Ասի Ռահպանին է, իսկ մայրը` աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզը:

Զիատ Ռահպանի իր արուեստի ասպարէզին սկսած է փոքր տարիքէն: Ան 17 տարեկանին յօրինած է «Սաըալունի Նաս» երգը, որ անոր մայրը` Ֆէյրուզը երգած է 1973 թուականին: Ան նոյն տարին գրած եւ բեմադրած է իր առաջին թատրոնը, որմէ ետք ընթացք առաւ անոր թատերական ծրագիրը, որ կը յատկանշուէր ուղղակի խօսքով եւ քաղաքական ու ընկերային յստակ քննադատութեամբ:

Անոր ամէնէն հռչակաւոր երգերէն են «Պոսթա»-ն, «Քիֆաք Ընթա»-ն, «Ատտեշ քան ֆի նաս»-ը եւ «Նաթարունա»-ն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2025, 08:19