Որոնել

Վարդավառ Վարդավառ 

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօները. Վարդավառ` Պայծառակերպութիւն Յիսուս Քրիստոսի

Վարդավառը եղած է ուխտագնացութիւններու տօն: Ամէնէն նուիրական ուխտատեղին Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքն էր: Ամէնուրեք լեռներուն վրայ ուրախ հանդէսներ կը կազմակերպուէին: Կը հաւաքուէին լարախաղացներ: Իրարու վրայ ջուր կը ցօղէին, կը պարէին ու կը զուարճանային:

Հայ եկեղեցին Հոգեգալուստէն եօթը շաբաթ ետք կը տօնէ տաղաւար տօներէն երրորդը` Վարդավառը, Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը կամ Այլակերպութիւնը:

Յիսուս Իր քարոզչութեան երրորդ տարուան ամրան Իր աշակերտներ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ Թափօր լեռ բարձրացաւ աղօթելու: Երբ աղօթքի կանգնեցաւ, յանկարծ Անոր երեսին տեսքը այլակերպուեցաւ: Անոր դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակը, եւ Անոր զգեստները դարձան սպիտակ, ինչպէս լոյսը:

Յիսուս այլակերպուելով ցոյց տուաւ, որ Ինքն է յաւիտենականութենէն առաջ Հօրմէ ծնած Որդին, Արարիչը երկինքի ու երկրի եւ Տէրը` ողջերուն ու մեռելներուն:

Նոյն պահուն երկինքէն երեւաց Սուրբ Երրորդութիւնը. Հայրը` ձայնով, Սուրբ Հոգին` լուսաւոր ամպով, իսկ Որդին` պայծառակերպուած: Դժոխքէն եկաւ Մովսէս, իսկ դրախտէն` Եղիա:

Մինչ Ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի դարձաւ անոնց, եւ ամպէն եկող ձայնը ազդարարեց. «Ա՛ն է իմ սիրելի Որդին, որուն հաւնեցայ: Անո՛ր լսեցէք»:

Յիսուս իր պայծառակերպութեամբ ցոյց տուաւ արդարներու փառաւոր կերպարանքը: Ան այդ տեսքով պիտի յայտնուի Իր երկրորդ գալստեան եւ Վերջին դատաստանին օրը:

* * *

Վարդավառը հունձքի, կալ ու կուտի, բերքահաւաքի հետ կապուած առաջին տօնն է: Գիւղերուն մէջ այդ օր ցորենի հասկեր կը տանէին եկեղեցի եւ կ՛աղօթէին, որ դաշտերը կարկուտէն ու մարախներէն անվնաս մնան: Նաեւ տուները ծառերու դալար ոստերով կը զարդարէին, իրարու ծաղիկներ կը նուիրէին, իսկ հովիւները իրենց անասուններուն ճակատները ծաղիկներով կը զարդարէին:

Վարդավառը եղած է ուխտագնացութիւններու տօն: Ամէնէն նուիրական ուխտատեղին Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքն էր:

Ամէնուրեք լեռներուն վրայ ուրախ հանդէսներ կը կազմակերպուէին: Կը հաւաքուէին լարախաղացներ: Իրարու վրայ ջուր կը ցօղէին, կը պարէին ու կը զուարճանային:

Գիւղերուն մէջ, գետերու, աղբիւրներու ափերուն, ինչպէս նաեւ ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ կամ ուխտատեղիներուն շուրջ բացօթեայ խնճոյքներ կը կազմակերպէին: Զիրար կը շնորհաւորէին մաղթելով ուրախ Վարդավառ եւ ուխտի կատարում:

* * *

Ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդ օրը, նոյնպէս եւ Պայծառակերպութեան տօնին յաջորդող երկուշաբթին Մեռելոց է:

Ամէն հայ քրիստոնեայի պարտականութիւնն է Վարդավառի տօնին եւ անոր յաջորդող Մեռելոցին մասնակից դառնալ սուրբ եւ անմահ պատարագին, իսկ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք այցելել ննջեցեալ հարազատներուն եւ Տիրոջ Պայծառակերպութեան լուրը տալ անոնց:

Սուրբ եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ, որ արքայութիւնը հոն է, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգանք:

 

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2025, 10:22