Որոնել

Խաչքար Խաչքար 

Կարսի մէջ խաչով գերեզմանաքարեր յայտնաբերուած են

Կարսի մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն խաչով գերեզմանաքարերը, որոնք սակայն աւերածութիւններու կ՚ենթարկուին։

Աղբիւրին համաձայն՝ Կարս քաղաքի Իւչլեր թաղամասին մէջ տարբեր ձեւերով խաչեր կրող այդ գերեզմանաքարերու մէկ մասը կողոպտուած է գանձագողերու կողմէ, մինչ տեղացի բնակիչները կ՚ակնկալեն, որ գերեզմաններու գտնուելու շրջանը պահպանութեան տակ առնուի, շեշտելով թէ խաչեր կրող գերեզմանաքարերու վերականգնումի պարագային՝ այնտեղ զարկ պիտի տրուի  զբօսաշրջութեան։

Ըստ բնակիչներուն՝ Իւչլեր թաղամասը գտնուող գերեզմանները նուազագոյնը 100 տարեկան են։ Անոնք նաեւ կ՚ընդգծեն․ «Այս տեղը ամենայն հաւանականութեամբ նախապէս իբրեւ բնակավայր գործածուած է, որովհետեւ գերեզմաններու գտնուելու վայրին մէջ եկեղեցի կայ։ Մենք կը պահանջենք, որ այս տարածքը պահպանութեան տակ առնուի»։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2025, 08:10