Որոնել

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես 

Կութիերես. «Կազայի մէջ զինադադարը բաւարար չէ, Պաղեստինցիները պէտք է պետութիւն ունենան»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Կազայի մէջ քանդումի եւ կեանքի կորուստներու մակարդակը «արդի պատմութեան մէջ աննախադէպ է»:
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նշեց, թէ Կազայի մէջ զինադադարը բաւարար չէ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է, որ պաղեստինցիները պետութիւն ունենան:

Ան Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ զինադադարը առանձինը բաւարար չէ, եւ պաղեստինցիները իսրայէլացիներուն նման պէտք է ունենան սեփական պետութիւն, ուր իրենց իրաւունքները կը կիրարկեն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Կազայի մէջ քանդումի եւ կեանքի կորուստներու մակարդակը «արդի պատմութեան մէջ աննախադէպ է»:

«Կազայի բնակչութեան ապրած մեծ տառապանքին կողքին, այս հարցը կը խոցէ մարդկային արժանապատուութեան ամէնէն պարզ տարրերը», աւելցուց ան:

«Այն գաղափարը, թէ հինգ միլիոն մարդիկ իրենց հողին վրայ կ՛ապրին բացարձակապէս առանց որեւէ իրաւունքի, ամբողջովին կը հակասէ մարդկային արժանապատուութեան եւ միջազգային օրէնքին», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Կութիերես նաեւ նշեց, թէ այս ամսուան վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի մէջ երկու պետութիւններու լուծումին շուրջ միջազգային խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2025, 09:21