Որոնել

Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան 

Պաքուի դատարանը մերժած է Ռուբէն Վարդանեանի երկու բողոքները

Վարդանեան դիմած է դատարանին` յայտարարելով, որ նախաքննութեան փուլին մասնակցած թարգմանիչները ոչ արհեստավարժ եղած են, եւ այդ պատճառով ան բողոք յայտնած է անոնց:

Պաքուի մէջ կայացած է Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի «գործով» հերթական նիստը:

Ինչպէս կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, Վարդանեան դիմած է դատարանին` յայտարարելով, որ նախաքննութեան փուլին մասնակցած թարգմանիչները ոչ արհեստավարժ եղած են, եւ այդ պատճառով ան բողոք յայտնած է անոնց:

Փաստաբան Ապրահամ Պերման, թուարկելով թարգմանիչներու անունները, պաշտպանած է Վարդանեանի բողոքը:

Սակայն դատաւոր Զէյնալ Աղայեւ որոշած է մերժել միջնորդութիւնը:

Այնուհետեւ Վարդանեան կրկին դիմած է «դատարանին»` յայտարարելով, որ իր պաշտպանին հետ ծանօթացած է 25 փետրուարի նիստի արձանագրութիւններուն եւ համաձայն չէ անոնց մէջ նշուած որոշ կէտերու հետ:

Անոր կարծիքով` իր միջնորդութեան քննարկման կարգը խախտուած է: Այս հիմքով ան կարծիք յայտնած է, որ «դատարանը» շահագրգռուածութիւն կը ցուցաբերէ քրէական հետապնդման նկատմամբ, եւ կրկին բացարկ յայտնած դատական կազմին նկատմամբ: Փաստաբանը պաշտպանած է բողոքը: Այս բողոքը նոյնպէս մերժուած է:

Այնուհետեւ հարցաքննուած են «տուժողները»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2025, 09:30